Վաքըֆ գիւղի բարեզարդուած եկեղեցին եւս պաշտամունքի վերաբացուեցաւ

Հաթայի Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ Հաթայի երկրաշարժէն վնաս կրած էր, նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքները աւարտած ըլլալով, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի նախօրեակին, Շաբաթ՝ 17 Օգոստոս 2024-ին, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր ձեռամբ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. Մանուկեան, Աթոռոյս Լուսարարապետ Արժ. Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան, Հաթայի եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցիէն Բարնաբաս Հիմնարկի նախագահ՝ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէօ եւ ուխտաւորներ:

Ժամը 16.00-ին, եկեղեցւոյ զանգին զուարթ ղօղանջով սկսաւ նորոգեալ եւ բարեզարդեալ եկեղեցւոյ պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնը: Արտասանուած նաւակատիքի արարողութեան աղօթքներէն յետոյ, Սրբազան Պատրիարք Հայրը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց աւագ խորանն ու Տէրունական սրբանկարը, խորհրդանոցները, իսկ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. օծեց Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալներու ձօնուած քովնտի սեղանները, մկրտութեան աւազանը:

Ապա, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորութեամբ թափորը դուրս եկաւ եկեղեցիէն եւ Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս. տեղւոյն հրշէջ գունդի մասնաւոր ինքնաշարժի վերելակով բարձրացաւ աղօթատան գագաթը, ուր Ս. Միւռոնով օծեց գմբէթի եւ զանգակատան խաչերը:

Օծման արարողութենէն յետոյ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Ս. Կոյս Աստուածածնի վերափոխման տօնի նախատօնակ։Արարողութեան աւարտին խօսեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ անդրադարձաւ 6 Փետրուարի Հաթայի երկրաշարժին, որ ցաւ պատճառեց բոլորին: Կեանքեր եւ շէնքեր տարաւ: Սակայն երկրաշարժէ տուժողներուն օգնութեան ձեռք երկարեցաւ ամէն կողմէ: Այս ալ կը կոչուի սէր: Ցաւը մեծ էր, սակայն ինչպէս միշտ կ’ըլլայ, նոյնը եղաւ Վաքըֆ գիւղի համար եւ մխիթարուեցաւ գիւղը: Պատրիարքական Աթոռը, Ստանպուլահայութիւնը, ինչպէս նաեւ աշխարհասփիւռ Մուսա լեռցիներ եւ համակիրներ իրենց օգնութիւնը բերին: Մեր Հոգեւոր Պետը շնորհաւորեց եղած աշխատանքը եւ բոլոր մասնակիցները, Ճէմ Չափարի ատենապետութեամբ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդը, գիւղապետ Պերճ Գարթունը եւ բոլոր գիւղացիները: Նորին Ամենապատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերշ. Տ. Յովակիմ Եպս.ին, որ օժանդակութեան աշխատանք տարած է այս եկեղեցւոյ համար, ինչպէս նաեւ Բարնաբաս բարեգործական հիմնարկին եւ անոր ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Փաթրիք Քորեպս. Սուխտէոյին, բարերար Պետրոս Շիրինօղլուին, որ մասնակցած է սոյն աշխատանքին իր օժանդակութեամբ, ՀԱՅՃԱՐ Հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութեան: Նորին Ամենապատուոութիւնը գնահատեց Հաթայի եկեղեցեաց հովիւ եւ գաւառի համայնքներու տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանը, անդրադառնալով իր բերած ծառայութեան։ Նշեց որ ինք նուիրուած էր գիւղի նուիրականութիւններու պահպանման, ինչ որ կը ցոլացնէր գիւղի, ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ նկատմամբ տածած սէրը։ Ապա, Եկեղեցւոյ մուտքին կատարուեցաւ աղօրհնէք:

Արարողութիւնը, իր աւարտին հասաւ Տէրունական Աղօթքով եւ վերջին օրհնութեամբ։

Ապա, Եկեղեցւոյ մօտակայ ճաշարանին մէջ Ծխական Խորհուրդը ընթրիքի սեղան սարքեց ի պատիւ Նորին Ամենապատուութեան, Գերշ. Սրբազան Հօր եւ հիւրերուն:

Նոյն գիշեր եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական խրախճանք, որու ընթացքին գիւղացիներ եւ հիւրեր տեղական երաժշտութեամբ, տհոլ-զուրնայով պարեցին:

Իսկ ժամը 11-ին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եկեղեցւոյ պարտէզին ծայրամասը տեղադրուած հարիսայի կաթսաներու կրակը վառեց ու աղօթեց: Նշենք, որ աւանդական հարիսան մինչեւ առաւօտ կ’եփի եւ յաւարտ Ս. Պատարագի կ’օրհնուի ու կը բաժնուի ուխտաւորներուն եւ բոլոր ժողովուրդին:

Պաշտամունքի վերաբացման եւ օծման արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/704953198471350 ):

 

Լուսանկարները՝ ԼՐԱԲԵՐի