Կազմակերպութեամբ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի « Համազգային » թատերասրահին մէջ Յոբելենական հանդիսութիւն կազմակերպուած էր բանաստեղծ, արձակագիր եւ հրապարակագիր Վեհանոյշ Թէքեանի գրական 50-ամեայ գործունէութեան առիթով։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար Վարագ Պապեան, որ յայտնեց՝ թէ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան 90 ամեակին առիթով կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն գլխաւոր նպատակը եղած է պահպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայգարիլ այլասէրման դէմ թէ՝ հայրենիքի եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Հետեւաբար այս տարուայ 90 ամեակի առիթով մեծ պատիւ ու հպարտութիւն է յիշել Վեհանոյշ Թէքեանի գրական գործունէութեան յիսնամեայ յոբելեանը։
Վեհանոյշ Թեքեանի անձին ու գրական վաստակին մասին մերթ ընթ մերթ ընթերցումներ կատարեցին Արտա Տէր Յակոբեան եւ Արմինէ Թորիկեան։
Յոբելեար Թեքեանի « Հայ Մշակոյթ » բանաստեղծութենէն մասեր կարդացին ՀՕՄ ի ամենօրեայ վարժարանի, Լափոյեան երկրորդական բաժնի աշակերտներէն Զարեհ Մարգարեան, Անի Խաչատուրեան եւ Հայկ Յարութիւնեան։ « Իմ երկիրս տխուր է » կտորէն մաս մը կարդաց Արիս Չուլճեան։ Ինչպէս նաեւ Յոբելեարի «Պիտի երկինք երթանք, տղաս » արձակ կտորէն ընթերցեց Լոռի Պէրպէրեան։ Ընթերցումներուն ջութակով ընկերակցեցաւ Աննա Մարիա Մուպայէտ:
Գեղարուեստական բաժնին մէջ սոփրանօ Սօնա Յովսէփեան իր հրապուրիչ ձայնով գեղեցկօրէն յաջորդաբար մեկնաբանեց՝ խօսք Արամայիս Սահակեանի, երաժտութիւն Առնօ Բաբաջանեանի, մշակում Սերուժ Գրաճեանի « Չքնաղ երազ » եւ խօսք՝ Սիլվա Կապուտիկեանի երաժշտութիւն Վ. Կոտոյեանի « Իմ երազ » կտորները։ Այս երգերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Թալին Գըլըպոզեան եւ ջութակի ընկերակցութեամբ Յովհաննէս Մուպայէտ։
Համազգայինի « Էրեբունի » պարախումբի բեմադրիչ եւ պարուսոյց Արեւիկ Մարտիրոսեանի մականին տակ, շնորհալի եւ օժտեալ պարմանուհիներ Վանի Եագուպեան, Լանա Տէր Պետրոսեան եւ Մարիա Մանուկեան գեղեցկօրէն ներկայացուցին «Մահմուր աղջիկ » պարը։
Հեղինակ Վեհանոյշ Թէքեանի « Խօսող լերան պատմութիւնը » հատորէն «Արեւմտահայերէնի վերջին ճգնաժամը » հատուածը ներկայացուց Տարօն Հալլաճեան։ Իսկ Առէն Մնացականեան հեղինակին « Կապոյտ Ապրիլ » հատորէն կարդաց « Կանչէ ես կու գամ » հատուածը։
Այնուհետեւ Վեհանոյշ Թէքեանի հետ դէմ առ դէմ զրուցեց Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գլաձոր մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի ատենապետուհի Թամար Տօնապետեան Գուզուեան։
Վեհանոյշ Թէքեան զրոյցին սկիզբը պատմեց թէ Լիբանանի դժուարին օրերուն գաղթած է Միացեալ Նահանգներ եւ հոն շարունակած է իր գրական ասպարէզը, իր մղիջ ուժը եղած է մայրը, հեղինակած է բազմաթիւ գիրքեր որոնցմէ մի քանին 2000 տպաքանակ ունեցած են։
Տիկին Գուզուեան Յոբելեարին հարցուց, թէ այսօր մեր երիտասարդներուն ուղղեալ ի՞նչ խօսք կամ թելադրանք ունի։ Վեհանոյշ Թէքեան պատասխանեց հետեւեալ կերպով, ան նախ գնահատական խօսքերով շնորհաւորեց երիտասարդները, ուրախութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք մեր մայրենին սիրելու ուղղութեամբ կը քաջալերեն իրենց զաւակները, հայկական ոգիով կը սնուցանեն զանոնք։ Մեծապէս գնահատեց նաեւ ուսուցիչները եւ պատասխանատուները։ Ան ըսաւ՝ «Ամէն անձ իր մէջ օրհնածին էութիւն, գերմարդկային ոյժ մը ունի որ միայն ի՜նք դուրս կրնայ հանել եւ այն ժամանակ ինքզինք զօրաւոր կը զգայ եւ կը սկսի շնորհք, արեւ եւ ճառագայթներ արձակել իր կեանքին մէջ։ Երիտասարդները պէտք է գիտնան ամուր պահել եւ պահպանել հայ ընտանիքը, մեր եկեղեցին, կրօնքը եւ մեր վարժարանները »։
Վեհանոյշ Թէքեան գրական մրցանակներու կողքին 2012 ին պարգեւատրուած է « Մովսէս Խորենացի » շքանշանով, 1992 էն ի վեր ալ անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան։
Յոբելենական այս որակաւոր հանդիսութեան աւարտին Վեհանոյշ Թէքեանին նուիրուեցաւ գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը եւ յուշատախտակ մը։ Յոբելեարը փափաքողներուն մակագրեց իր զանազան գիրքերը։ Ապա տեղի ունեցաւ գրական յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն։