Տիարպեքիրի Սուրբ Խաչ եկեղեցին վտանգի տակ

Թուրքիոյ Տիարպեքիր քաղաքի պատմական Սուր շրջանի Ալիփաշա թաղամասին մէջ գտնուող Սբ. Սարգիս հայկական կաթողիկէ եկեղեցին գանձ որոնողներու թիրախ դարձած է: Անոնք կը հանեն եկեղեցւոյ քարերը ու կը վաճառեն, գանձ գտնելու յոյսով` անցքեր կը բանան պատերուն կամ հիմքերուն մօտ, որոնց հետեւանքով առանց այդ ալ կիսաւէր եկեղեցին յայտնուած է ամբողջապէս ոչնչանալու վտանգի տակ։

Թուրքալեզու Tigrishaber կայքը կը գրէ, որ արձանագրութիւններու ու պատմական հաւաստի տեղեկութիւններու սակաւութեան պատճառով եկեղեցւոյ մասին քիչ բան յայտնի է:

«Զուիցերացի պատմաբան Մաքս Վան Պերքհեմ «Ամիտա» անունով աշխատութեան մէջ կը գրէ, որ օսմանահպատակ հայերը եկեղեցին կառուցած են 1515-ին ու անուանած Սուրբ Սարգիս: 19-րդ դարու բանասէր, աշխարհագրագէտ Ղուկաս Ինճիճեանի աշխատութեան մէջ կը խօսուի քարաշէն, հնգախորան հայկական եկեղեցւոյ մասին, իսկ Թուրքիոյ ասորական համայնքի ներկայացուցիչ, պատմաբան Գաբրիէլ Աքիւզը այդ եկեղեցւոյ համար կ՛օգտագործէ Մօր Տումիանա անունը»,- կը նշէ աղբիւրը:

Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ հաղորդած է Անգարայի համալսարանի արեւելեան լեզուներու բաժանմունքի շրջանաւարտ Ռուվեիա Թունչ, որ Գերմանիոյ մէջ կը ղեկավարէ «Յիշողութիւն ու տեղանք» նախագիծին աշխատանքները: Եկեղեցւոյ վերաբերեալ ուսումնասիրութիւններ կատարած Թունչ կը նշէ, որ Սբ. Սարգիսը միւս մեծ եկեղեցիներու նման իր կազմին մէջ ունեցած է դպրոց.

«Այդ դպրոցն ալ եկեղեցիէն շատ ուշ չէ կառուցուած: 16-րդ դարուն այնտեղ հայերէն եւ աստուածաբանութիւն դասաւանդուած են: 1800-ականներուն Տիարպեքիրի վիլայէթի 2 դպրոցներէն մէկը Սբ Սարգիսի, միւսը Սբ Կիրակոսի կազմին մէջ եղած էր: Այդ 2 դպրոցներուն մէջ մինչեւ կէսօր հայերէն եւ թրքերէն դասաւանդուած են, իսկ կէսօրէն մինչեւ երեկոյ` ձեռագործ արհեստներ: Սակայն հայոց պատրիարք Կարապետ 3-րդը հասկնալով, որ գրագիտութիւնը բաւարար մակարդակի վրայ չէ, շրջաբերական կ՛ուղարկէ համայնքին` պահանջելով առեւտրականներու ու արհեստաւորներու հովանաւորութեամբ դպրոցներ կառուցել: 1800-ականներուն այս վիլայէթներուն մէջ ամէնուր կը սկսին դպրոցներ կառուցելու: Դպրոցներու կառուցումով կ՛աշխուժնայ կրթական կեանքը, որու շրջանակներուն մէջ Սբ. Սարգիս եկեղեցւոյ կազմին մէջ 1847-ին  օրիորդաց դպրոց մըն ալ կը կառուցուի, որ աւելի ուշ դասընթացներ կու տայ նաեւ չափահասներու։ Այդպիսով` դպրոցը շատ արհեստագործներու համար մասնագիտութիւն կը սորվեցնէ։

Հայկական դպրոցներուն մէջ հիմնականօրէն կը դասաւանդէին թուաբանութիւն, աշխարհագրութիւն, բնագիտութիւն, օսմանեան գրականութիւն, տրամաբանութիւն, քրէական օրէնսգիրք, կրօններ, ինչպէս նաեւ ձեռագործ աշխատանքներ:

Այսօրուան Տիարպեքիրի Եաւուզ Սէլիմ, Սուլէյման Նազիֆ նախակրթարաններու շէնքերը, Տիարպեքիրի առեւտուրի ու արդիւնաբերութեան պալատի ու շարք մը այլ շէնքեր այդ ժամանակներուն կառուցուած հայկական դպրոցներ եղած են:

Թունչ կը պատմէ, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ 4572 ոչ քրիստոնէական դպրոց եղած է, սակայն անոնցմէ 4074 չեն ունեցած պաշտօնական թոյլտւութիւն, իսկ Սբ Սարգիս եկեղեցւոյ կազմին մէջ գործող դպրոցներուն թոյլտւութիւն տրուած է միայն 1893-ին:

«Օրիորդաց դպրոցին, սակայն, այդպէս ալ թոյլտւութիւն չէ տրուած,- կը շարունակէ Թունչ,-եւ հետաքրքրականը այն է, որ թէեւ 1893-ին փաստաթուղթեր ստացած է, սակայն Սբ. Սարգիս եկեղեցին ու դպրոցները անմասն չեն մնացած 1894-96 թուականներու սադրանքներէն: Եկեղեցին այրած է, դպրոցները` աւերուած: Միեւնոյն ժամանակ լուրջ վնասներ կրած են բազմաթիւ հայկական արհեստանոցներ, խանութներ ու տուներ:

«1899-ին թուագրուող փաստաթուղթ մը մէջ կը նշուի, որ եկեղեցւոյ դպրոցներու վերանորոգման համար թոյլտւութիւն տրուած է: Ատկէ ետք ուսումնական կեանքը շարունակուած է դպրոցներու մէջ` հակառակ բազմաթիւ տուներէն հաւաքուած էին հայերէն դասագիրքերը:

1915-էն ետք եկեղեցին ու դպրոցները բռնագրաւողները զանոնք օգտագործած են որպէս անմշակ բրինձի գործարան, անասնագոմ, հացահատիկի պահեստ եւ այլն: Վերջին տարիներուն Սուր թաղամասին մէջ տեղի ունեցած բախումներէն (նկատի ունի 2015-Դեկտեմբերէն 2016-ի Մարտին թաղամասին մէջ քիւրտ զինեալներու ու թուրք ուժայիններու միջեւ տեղի ունեցած բախումները) ետք թաղամասին մէջ սկսած քաղաքաշինութեան ծրագրի հետեւանքով եկեղեցին յայտնուծ է քանդուելու վտանգի տակ»,-կը նշէ Թունչ:

Անոր խօսքով` այս պահուն գանձախոյզներու յարձակումները եկեղեցւոյ վրայ կը շարունակուին, ուստի 80 տոկոսով աւերուած եկեղեցին պահպանելու համար պէտք է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկուին:

«Եթէ եկեղեցին քանդուի, անոր հետ կը վերանայ ամբողջ պատմութիւն մը ու յիշողութիւն»,- կ՛ահազանգէ Թունչ ու կը նշէ, որ թէեւ եկեղեցին քանդուելու եզրին է, բայց դէպի իրեն կը քաշէ բազամաթիւ զբօսաշրջիկներ Թուրքիայէն ու արտասահմանէն:

«Ամէն տարի այստեղ Հայաստանէն խումբեր կու գան: Եթէ վերականգնուի, կը դառնայ զբօսաշրջիկներու մշտական կանգառներէն մէկը»,- կ’եզրափակէ Թունչ: