Տիգրանակերտի պեղումներուն յատկացուող գումարը 8 միլիոն դրամով աւելցած է

Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան եւ աւելցուցած, որ պեղումները պիտի իրականացուին հնավայրի տարբեր հատուածներու վրայ, որոնք պիտի որոշուին հնագիտական արշաւախումբի ղեկավարին կողմէ:

Անդրադառնալով Քարին տակի քարանձաւին մէջ կատարուող աշխատանքներուն՝ նախարարը նշած է, որ անցեալ տարի այնտեղ յայտնաբերուած են հետաքրքրական նիւթեր. այս տարի հովանաւորչական միջոցներով աշխատանքները պիտի շարունակուին: