«Տիգրան Մանսուրեան. Իսահակեանի Հետ» խորագիրով համերգային երեկոյ Երեւանի մէջ

«Տիգրան Մանսուրեան. Իսահակեանի հետ» խորագիրով համերգային երեկոյին՝ Հայաստանի պետական կամերային երգչախումբը՝ խմբավար Ռոպերթ Մլքէյեանի ղեկավարութեամբ՝ հնչեցուց մայսթրոյի այն ստեղծագործութիւնները, որոնք Մանսուրեանը գրած է՝ ոգեշնչուելով Աւետիք Իսահակեանի բանաստեղծութիւններով: Ներկայացուեցան «Վերջին յորձանք իմ ցնորքի», «Ծով», «Ռաւեննայում», «Լուսինն ինչպէս կարապ» եւ այլ գործեր:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ երեկոն կայացաւ Մարտ 26-ին, Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ:

«Իսահակեանին ուշ հասայ: Տարիներ անհրաժեշտ էին զինք խորութեամբ հասկնալու համար, յատկապէս այն շերտերը, ուր առաջ կու գան բանահիւսութիւնն ու մաքուր պոէզիան, որոնք զերծ են արեւելեան գունաւորումէն: Ան երկու ակունքներուո միացութիւն է՝ բանահիւսութեան եւ բարձրագոյն համաշխարհային պոէզիայի. ատոնք են անոր ակունքները»,- զրոյցի ընթացքին նշեց Տիգրան Մանսուրեան:

Երաժշտահանի խօսքով՝ Իսահակեանի բանաստեղծութիւնները շատ երգեցիկ են: «Կ՝ըսեն՝ ան գրած է երգելով, որպէսզի շեշտադրական համակարգը նոյնը ըլլայ»,-ընդգծեց Մանսուրեան:

Երաժշտագէտ Մհեր Նաւոյեան ըսաւ, որ շատ երաժշտահաններ հնչաւորած են Իսահակեանի պոէզիան: «Մանսուրեանի փորձը բարդ էր անով, որ անհրաժեշտ էր ներկայացնել այդ պոէզիայի նոր կերպարանքը մեր երաժշտական պատմութեան մէջ: Մանսուրեանի չարենցեան շարքը 2000-ականներու սկիզբը ձեւաւորեց հայ խմբերգային պատմութեան մէջ նոր փուլ: Ատիկա խմբերգային լեզուի ձեւաւորման շրջանը եղաւ ոչ միայն Մանսուրեանի արուեստին մէջ, այլեւ՝ հայ խմբերգային արուեստին, առհասարակ: Իսահակեանական խմբերգերուն ու մեներգերուն մէջ ընդգրկուած են բանաստեղծի քնարերգութեան տարբեր շերտաւորումները»,- շեշտեց ան:

Համերգին, իբրեւ մենակատարներ, հանդէս եկան սոփրանոներ Սոֆիա Սայադեանը, Իրինա Զաքեանը, մեցցօ-սոփրանօ Քրիստինէ Սահակեանը, ալթահարուհի Եանա Դարեանը, դաշնակահարներ Արթուր Աւանեսովը եւ Լուսինէ Յակոբեանը, ասմունքեց դերասան Բաբգէն Չոպանեանը:

Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին նուիրուած համերգային ծրագիրներ պիտի իրականացուին ամբողջ տարուան ընթացքին: