ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆ. ՀԱՅ ԵՐԳԱՀԱՆՆԵՐՈՒ ԱՍՏՂԱԲՈՅԼԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՍՏՂԸ

27 Յունուարին հանրածանօթ երաժշտահան, Հայաստանի Հանրապետութեան արուեստի վաստակաւոր գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեան 80 տարեկան դարձաւ:
Տիգրան Մանսուրեան հայ արդի դասական երաժշտութեան անուանի ներկայացուցիչներէն է: Ծնած է Պէյրութ՝ 27 Յունուար 1939-ին: 1947-ին ընտանիքին հետ հայրենիք տեղափոխուած է: 1960-ին աւարտած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանը, 1965-ին՝ ուսումնարանի ստեղծագործական բաժինները, 1967-ին՝ բարձրագոյն վկայականի արժանացած է:
1967-86-ին դասաւանդած է նոյն ուսումնարանին մէջ (փրոֆ.՝ 1986-էն), 1992-95-ին՝ համալսարանի պետ նշանակուած է: Մանսուրեան գեղագիտական նոր հիմքով վերամշակած է կոմիտասեան սկզբունքները: Ան առաջին երաժիշտներէն է, որ հայ դասական երաժշտութեան ներմուծած է երաժշտական ժամանակակից հնարքներ: Անոր ստեղծագործութիւնները կը սերին հայկական ժողովրդական երգարուեստէն ու հնագոյն տաղերէն, որոնք ներկայացուած են արդի երաժշտական լեզուով եւ կը յատկանշուին պայծառ, արտայայտիչ մեղեդիներով ու հնչերանգներով:
Մանսուրեան գրած է համա- նուագային (սիմֆոնիք) երկեր՝ «Փարթիտա», «Փրելիւտներ», «Գիշերային Երաժշտութիւն», լարային քառեակներ, մենանուագներ (քոնչերթօ)՝ թաւ ջութակի եւ նուագախումբի, ջութի (viola) եւ լարային նուագախումբի, կրկնակի մենանուագներ՝ ջութակի, թաւ ջութակի, լարային նուագախումբի համար, «Երեք Արիա՝ Երգելու՝ Արարատի Բաց Պատուհանէն» (ջութի եւ մեծ նուագախումբի համար), «Ո՞ւր է, Աբե՛լ, եղբայրը քո» (թաւ ջութակի եւ մեծ նուագախումբի համար):
Գրած է նաեւ վոքալ շարքեր, խմբերգներ, սոնատներ, աղօթքներու շարք՝ ըստ Ներսէս Շնորհալիի) եւ այլն:
Մանսուրեան շարժանկարներու համար ալ երաժշտութիւն գրած է, ինչպէս՝ «Նռան Գոյնը»,1969, «Մենք Ենք, Մեր Սարերը», 1969, «Սգաւոր ձիւնը», 1978, «Կտոր Մը Երկինք», 1980, «Հին Օրերի Երգը», 1982 եւ ալյն:
Մանսուրեանի շարժանկարային երաժշտութիւնը կ’առանձնանայ մեղեդայնութեամբ, քնարականութեամբ եւ մեծապէս կը նպաստէ շարժանկարի գեղարուեստական գոյնի ամբողջացման:
Երաժշտահանին ստեղծագործութիւնները կատարուած են Լոնտոնի, Փարիզի, Հռոմի, Միլանի, Պերլինի, Վիեննայի, Մոսկուայի, Նիւ Եորքի, Լոս Անճըլոսի եւ այլ քաղաքներու խոշորագոյն համերգային դահլիճներուն մէջ:
Մանսուրեան հայաստանեան եւ միջազգային զանազան մրցանակներու դափնեկիր է:
Հայաստանի Հանրապետութեան մշակոյթի նախարարութիւնը շնորհաւորական ուղերձ յղած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեայ յոբելեանին առիթով՝ ուր յատկապէս ըսուած է. «Մեր ժողովուրդը երբեւէ երաժշտարուեստի մեծ գործիչներու պակաս չէ զգացած, սակայն յօրինողներու ու երգահաններու հայոց աստղաբոյլին մէջ միշտ ալ առանձնակի շուքով կը շողայ ձեր աստղը՝ փառաւորելով թէ՛ ձեր, թէ՛ ձեզ ծնող ժողովուրդին անունը: Դուք մեր մշակոյթի այն բացառիկ գործիչներէն էք, որոնցմով մեր երկիրը բաց ճակատով կը ներկայանայ աշխարհին:

«Ձեր ստեղծագործական գործունէութիւնը արժանի է ամենայն հիացմունքի: Ձեր կենսագրութեան ամենահպանցիկ ակնարկէն անգամ պարզ կը դառնայ, թէ ինչպիսի՛ երկար, դժուարին ու տքնաջան ճանապարհ պիտի անցնի արուեստի նուիրեալը՝ նման բարձր անուան ու յաջողութիւններու հասնելու համար»:
«Ջերմօրէն կը շնորհաւորենք ձեզ ծննդեան 80-ամեայ յոբելեանին առիթով, կը մաղթենք ամուր առողջութիւն, երկար տարիներու կեանք՝ ի փառս հայրենական մշակոյթի, ի փառս հայ երաժշտարուեստի զարգացման ու տարածման»: