Յունուար 19-ին, աւարտեցաւ պոլսահայ լրագրող եւ հրապարակախօս, «Ակօս» հայկական շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան 9-րդ տարին: Երեքշաբթի`19 Յունուար 2016-ին, Տինքի մահուան տարելիցի օրը, Կ.Պոլսի Սկիւտար թաղամասին մէջ գտնուող Գալֆայեան հայկական դպրոցի պատին յայտնուած է ցեղապաշտական գրութիւն մը: Այդ մասին, ըստ Akunq.net-ի, կը հաղորդեն թրքական լրատուամիջոցները:
Աղբիւրին համաձայն` պատին մասնաւորապէս գրուած եղած է «Ստրուկ հայ» արտայայտութիւնը: Նշենք, որ նախապէս եւս պատահած է, որ Տինքի մահուան տարելիցի օրը Թուրքիոյ մէջ նկատուին ցեղապաշտական դրսեւորումներ, օրինակ` փողոցի մէջ յայտնուին Տինքի մարդասպանին պէս` սպիտակ գլխարկներ կրող ոստիկաններ եւ այլն:
Աւարտին յիշենք, որ Գալֆայեան նախակրթարանն ու միջնակարգ դպրոցը հիմնադրուած են 1866-ին` Սրբուհի եւ Նշան Գալֆայեաններուն կողմէ: Դպրոցը Իսթանպուլի Սկիւտար շրջան տեղափոխուած է 1971 թուականին: