Կ’ակնկալուի, որ 2019 թուականին Հայաստանի մէջ տնտեսական աճը կրնայ գերազանցել 7%-ը։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեանը։
Անոր խօսքով՝ ՀՀ կառավարութիւնը յայտարարած է բարձր տնտեսական աճի ձգտելու եւ անոր համար անհրաժեշտ պայմաններ ապահովելու քաղաքականութիւն։ «Միջին ժամկէտում մենք կարծում ենք, որ Հայաստանը պէտք է ձգտի ունենալ երկնիշ տնտեսական աճ: Կարճաժամկէտ հեռանկարում անհրաժեշտ է ապահովել 7-8% ցուցանիշ»,- նշած է նախարարը։
Միաժամանակ Տիգրան Խաչատրեանը ըսած է, որ որպէս նախապայման՝ կայուն տնտեսական աճ ապահովելու համար անհրաժեշտ է ստեղծել բաւարար ներդրումային մակարդակ։
Նախարարը նշած է, որ այսօր մեծ ներդրումներ կ’ըլլան վերականգնուող ուժանիւթի, շինարարութեան, վերամշակող արդիւնաբերութեան, գինեգործութեան, ոսկեգործութեան ոլորտներուն մէջ: