Ցեղասպանութեան մասին վկայող Կէրկէրեան արխիւը արդէն հասանելի է հետազօտողներուն

ԱՄՆ-ի «Քլարք» համալսարանի խումբ մը հայ եւ թուրք հետազօտողներ՝ փրոֆէսըր Թաներ Աքչամի ղեկավարութեամբ ուսումնասիրած եւ դասակարգած են հայր Գրիգոր Կէրկէրեանի (Գրիկըր) արխիւը։ Անթիւ փաստաթուղթերէն ու անգնահատելի վկայութիւններէն կազմուած այդ արխիւը հայր Կէրկէրեանը հաւաքած է 1930-ական թուականներէն մինչեւ իր կեանքի վերջը՝ 1988։ Փաստաթուղթերը կը վերաբերին Հայոց Ցեղասպանութեան, անոր նախորդող եւ յաջորդող ժամանակաշրջանին։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով t24.com.tr-ը։

Մինչ օրս թէեւ ցեղասպանագէտներու եւ պատմաբաններու մեծ մասին յայտնի էր Կէրկէրեանի արխիւին գոյութեան փաստը, սակայն անիկա գրեթէ չէր օգտագործուած հետազօտողներու կողմէ։ Պատճառը այն էր, որ բոլոր փաստաթուղթերը այստեղ ուղղակի թուղթերու կոյտ կը յիշեցնէին, չկար որեւէ դասակարգում, խմբաւորում, հետեւաբար յստակ իրադարձութեան վերաբերեալ այդ արխիւին մէջ փաստեր գտնելը անասելի դժուար էր։

Իսկ փրոֆէսըր Աքչամի եւ 11 հոգինոց խումբի աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք՝ արխիւին նիւթերը խմբաւորուած ու դասակարգուած են, ըստ բովանդակութեան առանձնացուած է երեք բաժին, փաստաթուղթերուն մեծ մասը արդէն թարգմանուած է անգլերէն եւ թրքերէն, անոնց վերաբերեալ կազմած են ցուցակներ։

Ներկայիս Կէրկէրեան արխիւի առաջին բաժինին մէջ տեղ գտած են բացառապէս օսմանեան փաստաթուղթեր։ Անոնք, մեծ մասամբ, Ցեղասպանութեան համար պատասխանատու «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» (“İttihat ve Terakki”) կազմակերպութեան ներկայացուցիչներու դէմ 1920-21թթ․ Պոլսոյ մէջ իրականացուած դատավարութիւններուն ընթացքին եղած վկայութիւններու եւ  ցուցմունքներու արձանագրութիւններն են։

Կը նշուի, որ այդ փաստաթուղթերուն բնօրինակները կը գտնուին Թուրքիոյ ԶՈւ գլխաւոր շտաբի արխիւին մէջ եւ հասանելի չեն ուսումնասիրութեան համար։ Սակայն, այն ժամանակ նշուած դատավարութիւններուն մէջ, իբրեւ կողմ հանդէս եկող Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանը իրաւունք ունեցած է ստանալու բոլոր փաստաթուղթերուն կրկնօրինակները, որոնք եւ այնուհետեւ փոխանցուած են Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին եւ այդ կերպով պահպանուած։

Արխիւի երկրորդ բաժինին մէջ տեղ գտած են Կէրկէրեանի անձնական հետազօտութիւնները։ Անիկա կը ներառէ մասնաւորապէս Եոզկաթի եւ Կեսարիոյ մէջ իրականացուած դատավարութիւններուն վերաբերեալ վկայութիւններ, ինչպէս նաեւ «Միութիւն եւ առաջադիմութիւն» կազմակերպութեան պատասխանատուներու վկայութիւնները։

Երրորդ բաժինով ընդգրկուած են Կէրկէրեանի կողմէ այլ երկիրներէ ձեռք բերուած արժէքաւոր փաստաթուղթերու բնօրինակներ։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին պատկանող ֆրանսերէն եւ հայերէն փաստաթուղթերն ալ կը կազմեն այս բաժինի կարեւոր մասը։ Կան նաեւ Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Անգլիոյ եւ ԱՄՆ-ի արխիւներէն ձեռք բերուած նիւթեր։

Փրոֆէսըր Աքչամ եւ իր խումբը Կէրկէրեան արխիւին վերաբերեալ արժէքաւոր տեղեկութիւններ հրապարակած է նաեւ համացանցի մէջ՝ PDF ֆորմաթով։ Անոնց շարքին տեղ գտած է նաեւ 1911-ին Սիւասի (Սեբաստիա) Կիւրուն նահանգին մէջ ծնած Գրիգոր Կէրկէրեանի կեանքի պատմութիւնը, որուն 16 քոյր–եղբայրներէն 10-ը եւ ծնողները 1915-ին սպաննուած են իր իսկ աչքին առջեւ։