Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2019-ի տնտեսական արդիւնքները կը նկատէ փայլուն եւ կը տեսնէ, թէ կան բոլոր նախադրեալները 2020-ին 8-9 տոկոս տնտեսական աճ ապահովելու։
Փաշինեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ։ «Բոլորով պիտի աշխատինք, որ 2020 թուականին ապահովենք գոնէ 8-9 տոկոս տնտեսական աճ, ներառեալ՝ գիւղատնտեսութիւնը դուրս բերելով տնտեսական դանդաղումի փուլէն: Ատոր համար բոլոր նախադրեալները առկայ են: Իսկ 2019 թուականի տնտեսական արդիւնքները կը գնահատեմ փայլուն»,- նշած է ան։
Հայաստանի վարչապետը նաեւ այլ գրառումով մը յայտնած է, որ Կեդրոնական դրամատան կողմէ տոլարի գնումներուն մեծ ծաւալը դրամագլուխի ներհոսքի նշան է, եւ կը վկայէ Հայաստանի տնտեսութեան եւ կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութեան աճին մասին:
«Կենտրոնական դրամատունը Յունուար 31-ին իրականացուցած է եւս 17.8 միլիոն տոլարի գնում՝ արտարժոյթի շուկայէն: Յունուարի գնումներուն ծաւալը այսպիսով դարձաւ 37.8 միլիոն տոլար: Տոլարային այս առատութիւնը, ըստ էութեան, դրամագլուխի ներհոսքի նշան է եւ կը վկայէ Հայաստանի տնտեսութեան ու կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութեան աճի մասին»,- յայտնած է ան: