Ամերիկացիները Հայաստանի Ժանն տ՛Արքը կ՛անուանեն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող Օրորա Մարտիկանեանը (Արշալոյս), որ ունի Անն Ֆրանքի անմեղութիւնը եւ իտալացի գրող Փրիմօ Լեւիի իրատեսութիւնը: Այս վերջինը նշանաւոր է իր «Si c’est un homme» հատորով, ուր կը նկարագրէ Աուշվիցի համակեդրոնացման եւ ոչնչացման ճամբարին մէջ իր բանտարկութիւնը 1944ին:
Ապրիլ 2017ին, Թոմա Տիլանի (ծագումով Տիլանեան) անգլերէնէ ֆրանսերէն թարգմանութեամբ լոյս տեսած է Օրորա Մարտիկանեանի վկայագրութիւնը, որ 14 տարեկանին ականատեսը եղած է թրքական անմարդկային եւ սարսափելի բռնութիւններուն: «Յօշոտուած Հայաստան» (Apocalypse Armenie) վերնագիրով այս գիրքը կը ներկայացնէ վերապրող երիտասարդ հայուհիին յուշերը եւ բռնագաղթուած ու տարագիր հայութեան անասելի տառապանքները: Անիկա առաջին անգամ հրատարակուած է 1918ին՝ «Ravished Armenia» խորագիրով, Միացեալ Նահանգներու մէջ, իսկ տարի մը ետք ալ շարժապատկերի վերածուած է՝ «Հոգիներու Աճուրդը» վերտառութեամբ:
Համազգայինի Փարիզի մասնաճիւղը 29 Ապրիլին, Հայ մշակոյթի տան մէջ թարգմանիչին հետ հրապարակային հանդիպում մը կազմակերպած էր: Երեկոյթին բացումը կատարեց Հայկուհի Թիւֆէնքճեան եւ հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ Օրորայի դաժան կեանքի պատմութեան՝ գաղթականութեան ճամբուն վրայ:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ վերոնշեալ անձայն ժապաւէնէն հատուած մը՝ 20 վայրկեան տեւողութեամբ: Իրարու յաջորդեցին սահմռկեցուցիչ տեսարանները՝ անօգնական եւ գաղթական հայերուն մահուան կարաւանները, կիզիչ անապատներու աւազներուն վրայ քալող հայ մայրերն ու երախաները, բռնաբարումներու ենթարկուող կիները, թուրք գիշատիչներու գազանային արարքները: Այլ խօսքով՝ հայ ժողովուրդի գողգոթան ու խաչելութիւնը։
Օրորա Մարտիկանեանի հետ 1970ականներուն կատարուած հարցազրոյցի մը սփռումէն ետք խօսք առաւ թարգմանիչ Տիլանեան, որ ներկայացուց տարաբախտ հայուհիին հակիրճ կենսագրականը: Ան ծնած է Չմշկածագ գիւղը, 1901ին, բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ (երեք քոյր եւ երեք եղբայր): 1915ին 14 տարեկան էր, երբ ընտանիքին հետ կը տարագրուի իր հայրենի օճախէն եւ ամբողջ երկու տարի հետիոտն, անօթի ու ծարաւ կ՛անցնի բազում գիւղերէ եւ շրջաններէ՝ Մալաթիա, Տիգրանակերտ, Տերսիմ, Ուրֆա… կ՛ենթարկուի չարչարանքներու եւ բռնաբարութեան:
Չորս անգամ հերոսաբար փախուստի կը դիմէ՝ անգամ մը ինքզինք Եփրատ գետը նետելով, եւ ուրիշ անգամ մը դաշունահարելով զինք սպանել փորձող չէչէն աւազակը: Ի վերջոյ, Էրզրումի մէջ կը հանդիպի զօրավար Անդրանիկին, որուն օժանդակութեամբ ալ Թիֆլիսէն եւ Ս. Փեթերսպուրկէն անցնելով՝ կը հասնի Շուէտ, ուրկէ ալ նաւով՝ Ամերիկա: Զօրավարը պատուիրած էր Արշալոյսին, որ ամերիկացիներուն պատմէ իր տեսածները, որպէսզի օգնեն յօշոտուած Հայաստանին եւ հայերուն: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ. Հենրի Կէյց անունով գրագէտ մը կը հրատարակէ Արշալոյսին վկայութիւնները: Իսկ անմիջապէս ետք պատրաստուած ժապաւէնի ցուցադրութենէն գոյացած միլիոնաւոր տոլարի հասոյթը կը տրամադրուի Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ որբերու կեանքի ապահովման գործին:
Այնուհետեւ Օրորա կ՛ապրի լուսարձակներէ հեռու: Իր կեանքի վերջին տարիները ան կ՛անցընէ առանձին, ծերանոցի մը մէջ, Լոս Անճըլըս, ուր ալ վերջնականապէս իր աչքերը կը փակէ 1994ին եւ տէր տիրական չունենալով՝ կը թաղուի հասարակաց փոսի մը մէջ։
Արդարեւ, ինչպէս իր խօսքի աւարտին դիտել տուաւ թարգմանիչը, Հայոց Ցեղասպանութեան ականատեսի կարեւորագոյն յուշագրութիւններէն մէկը համարուող այս գիրքը պէտք է կարդալ եւ տարածել յատկապէս օտար շրջանակներու մէջ:
«Յօշոտուած Հայաստան»ը թարգմանուած է բազմաթիւ լեզուներու՝ ինչպէս ռուսերէն, թրքերէն, չինարէն եւ այլն: Իսկ 2016ին, Հայաստանի մէջ ստեղծուած է «Օրորա»ի (կամ «Աւրորա») անունով միջազգային մրցանակը, որ ամէն տարի կը շնորհուի մարդասիրական գործունէութիւն ծաւալած մեր օրերու հերոսներուն։
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»