Փարիզ Երեւանին ու Պաքուին կոչ կ’ուղղէ` շարունակելու սահմանազատումը` հիմնուելով 19 Ապրիլին ստորագրուած արձանագրութեան սկզբունքներուն վրայ

Ֆրանսան կ’ողջունէ Ալմաթիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլի կայացումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Իբրեւ այս հոլովոյթի հիմք Ֆրանսան կ’ընդգծէ 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին ու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման Երեւանի եւ Պաքուի հաւատարմութիւնը վերահաստատելու կարեւորութիւնը` 7 Հոկտեմբեր 2022-ին Փրակայի մէջ տեղի ունեցած քառակողմ հանդիպումին համահունչ:

Փարիզը Երեւանին եւ Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ` շարունակելու սահմանազատումը հիմնուելով 19 Ապրիլին ստորագրուած արձանագրութեան սկզբունքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ շարունակելու քննարկումները` երկու երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրման նպատակով:

«Մենք կ’ողջունենք Ղազախստանի իշխանութիւններուն նախաձեռնութիւնը` նպաստելու այդ բանակցութիւններուն կատարման», յայտարարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` շեշտելով, որ գործընկերներու հետ պիտի շարունակէ աշխատիլ Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ` միջազգային իրաւունքին համապատասխան:

19 Ապրիլին Երեւանն ու Պաքուն յայտարարեցին, որ «նախնական համաձայնութիւն գոյացուցած են» Տաւուշ-Ղազախ սահմանի որոշ հատուածներ համապատասխանեցնելու «Խորհրդային Միութեան փլուզման պահու դրութեամբ գոյութիւն ունեցող միջհանրապետական սահմանին»: Այս յայտարարութենէն 4 օր ետք, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղադրուեցաւ առաջին սահմանային սիւնը: