Երեքշաբթի՝ 16 Փետրուար 2021-ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Էնթընի Փորթանթինօ եւ Սքաթ Ուիլք ներկայացուցին թիւ 457 բանաձեւը, որ տեղական կառավարման մարմիններուն եւ աշխատաւորական միութիւններուն արտօնութիւն պիտի տայ իրենց ներդրումները ետ քաշելու Թուրքիայէն։
Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմ 2019-ին ստորագրած էր նահանգային խորհրդարանին եւ Ծերակոյտին կողմէ հաստատուած թիւ 1320 բանաձեւը, օրէնքի ուժ տալով նահանգային ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջադրանքին, սակայն Փորթանթինօ եւ Ուիլք դժգոհ են այդ գործընթացքին դանդաղ քայլերէն։
Փորթանթինօ եւ Ուիլք կը շեշտեն, թէ յատկապէս Արցախի դէմ Թուրքիոյ ցեղասպանական նորագոյն քայլերէն ետք, Անգարային դէմ պէտք է աւելու ազդու քայլեր առնուին:
Օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները կոչ ըրին անոնց, որ նպաստեն Ատրպէյճանի կողմէ ապօրէն կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը՝ շեշտելով, որ խորապէս մտահոգ են անոնց վիճակով։
Օրէնսդրական հայկական համախմբումի անդամները կոչ ըրին անոնց, որ նպաստեն Ատրպէյճանի կողմէ ապօրէն կերպով պահուող բոլոր հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը՝ շեշտելով, որ խորապէս մտահոգ են անոնց վիճակով։
Նշենք, որ բանաձեւին պատրաստութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած է նաեւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Արտի Քասախեսան, որ քաղաքին ներդրումները Թուրքիայէն ետ քաշել պահանջող առաջարկ մը ներկայացուցած է։
Բանաձեւին համահեղինակներն են՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Պապ Արքուլեթա եւ Անտրէաս Պորկաս։