Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Տրասինդա Քորփորէյշըն»-ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Գիւմրիի մէջ: Ըստ Ankakh.com-ի՝ «Էդիթ Պրինտ» հրատարակչութիւնը, Գիւմրիի համայնքապետարանին աջակցութեամբ, գիրքին շնորհանդէսը կազմակերպեց Օգոստոս 4-ին, ժամը 13:00-ին, Քըրք Քըրքորեանի արձանի յարակից տարածքին վրայ: Շնորհանդէսի իրականացման վայրը պատահական չէ ընտրուած. վերջերս տեղադրուած արձանը իւրայատուկ յարգանքի տուրք է մեծանուն հայուն:
Նշենք, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ լոյս տեսած եւ արդէն իսկ մեծապէս տարածուած գիրքին հեղինակը Ուիլեամ Չ. Ռեմփելն է: Թարգմանիչներն են Ալինա եւ Աննա Միրզոյեանները:
«Քըրք Քըրքորեան շատ փակ մարդ էր, հարցազրոյցներ չէր տար, հանրութեան առջեւ ելոյթ չէր ունենար: Ան իր անձնական կեանքի պահպանումը ամէն ինչէն վեր դասած է: Քըրքորեանի խորհրդատուներն ու գործընկերները կը կարծէին, որ անգամ անոր մահէն ետք պէտք է պահպանել , սակայն Ռեմփել յաջողած է բացառութիւններ գտնել»,- կը նշէ գիրքի թարգմանիչ Ալինա Միրզոյեան:
«Խաղացողը. Թէ ինչպէս անփող, թերուս Քըրք Քըրքորեանը դարձաւ դրամատիրական պատմութեան խոշորագոյն գործարարը» անգլերէն գիրքը լոյս տեսած է 2018 Յունուար 23-ին:
Հեղինակը՝ Ռեմփել, կը փաստէ՝ ասիկա իննսունութամեայ կեանքի մը ոգեշնչող պատմութիւնն է Քըրք Քըրքորեանի մասին՝ տղու մը, որ ոտաբոբիկ կը վազվզէր Քալիֆորնիայի Սան Խոակին հովիտի բերքառատ ու փափուկ հողին վրայով, մինչեւ ընտանեկան ելեւմտական քաոսը զինք դարձուց քաղաքի տղայ, որ ստիպուած էր պայքարելու Լոս Անճելըսի աղտոտ մայթերուն վրայ իր տեղը գտնելու համար: Ան պինդ տղայ էր, որ կու լար յուղարկաւորութիւններու ժամանակ, համեստ մարդ, որ գաղտնի կը հպարտանար իր ձեռքբերումներով, գործարար հանճար, որ կ՝արհամարհէր «Էմ-Պի-Էյ»-ի խորհրդատուները, համարձակ օդաչու եւ «կինոմագնատ», մոլի խաղացող խաղատուներու եւ Ուոլ Սթրիթի մէջ, որ գերբնական հմտութեամբ մը նուազագոյն վտանգներով, ամենահաւանական ելքի վրայ կը դնէր խաղագումարը:
Ի դէպ, ասիկա փաստագրական գիրք է. բոլոր մէջբերումներն ու նկարագրական տեսարանները հիմնուած են ականատեսներու յուշերուն կամ նախապէս հրատարակուած պատմութիւններուն վրայ: