Ուքրանիոյ մայրաքաղաք Քիեւի մէջ իրականացուող Հայկական մշակոյթի շաբթուան ծիրէն ներս՝ շարք մը ձեռնարկներ նուիրուած են Կոմիտասի 150, Սիլվա Կապուտիկեանի 100 եւ Սերգէյ Փարաջանովի 95-ամեայ յոբելեաններուն: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կը հաղորդէ AnalitikaUA.net-ը:
Գրականութեան, երաժշտութեան, շարժանկարի սիրահարներու մեծ հետաքրքրութիւն առաջացուցած շաբաթը սկսած է Յունուար 19-ին եւ կը շարունակուի մինչեւ Յունուար 25:
Կազմակերպիչներուն խօսքով` հայ գործիչներու ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են Օշեր Շուարցմանի անուան, Ժողովուրդներու բարեկամութեան գրադարաններուն եւ Շարժանկարի տան մէջ: Ձեռնարկներուն ծրագիրը կը ներառէ համերգներ, ցուցահանդէսներ, վարպետութեան դասեր, գրական եւ երաժշտական երեկոներ ու շարժանկարի դիտումներ՝ նուիրուած հայ մշակոյթի ակնառու գործիչներուն:
«ԱՕԿՍ-Ուքրաինայ» մշակութային կապերու հայկական միութեան ղեկավար Ելենա Յովհաննիսեան պարբերականին հաղորդած է, որ ձեռնարկներուն կազմակերպիչներն են «ԱՕԿՍ-Ուքրանիա» մշակութային կապերու հայկական միութիւնը, Parajanov-ART-ը, Բոտոլսքի շրջանի պետական վարչակազմի մշակոյթի, զբօսաշրջութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման բաժինը, Քիեւի հրէական համայնքի ստեղծագործական նախաձեռնութիւններու կեդրոնը:
Նախապէս կը յայտարարուէր, որ Ուքրանիոյ հայերու միութիւնը աշխոյժ կերպով կ՝աշխատի ազգային պատմամշակութային արժէքներու ճանաչման ուղղութեամբ: Կազմակերպութեան ղեկավար Վիլէն Շատուորեան նշած է, թէ մեր ականաւոր հայրենակիցներու գործերը կը շարունակեն ուրախացնել արուեստը գնահատողները: