Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի յատուկ որոշումով` Օգոստոս 31-ը հռչակուած է Ուիլեըմ Սարոյեանի օր: Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահը որոշումը հրապարակած է մեծանուն գրողի տուն-թանգարանի պաշտօնական բացումէն մէկ օր առաջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Փանորամա»-ն։
Ֆրեզնոյի քաղաքապետին խօսքով, որ անձամբ տեսած է Ուիլեըմ Սարոյեանը` քաղաքը յարգանքի տուրք կը մատուցէ այստեղ ապրած ու ստեղծագործած հանրայայտ գրողին:
«Ես կը սիրէի կարդալ անոր գիրքերը: Չափազանց կարեւոր է հանրայայտ գրողին թողած գրական ժառանգութիւնը, ուստի այսպէս կը փորձենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցել»,-նշած է Ֆրեզնոյի քաղաքապետ Լիի Պրենտ:
Ֆրեզնոյի քաղաքային խորհուրդի նախագահ Էսմերալտա Սորիան կարեւոր համարած է Ուիլեըմ Սարոյեանի թողած գրական ժառանգութեան պահպանումը: «Ան Ֆրեզնոյի առասպէլը դարձած է: Հայ համայնքը եւս Ֆրեզնոյի համար կարեւոր է, քանի որ կը նպաստէ մեր քաղաքի զարգացման: Իսկ Սարոյեան այն անհատներէն է, որ ամբողջութեամբ կը ներկայացնէ Ֆրեզնոյին հայ համայնքի տուած արժէքները»,- նշած է ան:
«Intellectual Renaissance» հիմնադրամի տնօրէն Յակոբ Յակոբեանի կարծիքով` ուրախալի պիտի ըլլայ, եթէ Ֆրեզնոյի քաղաքապետարանի որոշումը օրինակ ծառայէ նաեւ Երեւանի քաղաքապետարանի համար եւ այստեղ ալ Օգոստոս 31-ը հռչակուի Սարոյեանի օր: «Սարոյեան կ՛ըսէր` «բոլոր մարդիկ պէտք է մեռնին, բայց միշտ մտածած եմ, որ իմ պարագային բացառութիւն պիտի ըլլայ: Այո՛, փաստացի այդ բացառութիւնը եղած է, մեծանուն գրողը միշտ կենդանի պիտի ըլլայ` իր թողած մեծ ժառանգութեամբ»,-ըսած է Յակոբեան: