1915 Ի ՎԵՐԱՊՐՈՂՆԵՐԷՆ 106 ԱՄԵԱՅ ՍԻՐՎԱՐԴ ՔԻՒՐՏԵԱՆԻ ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

         1915 ի վերջին վերապրողներէն Սիրվարդ Քիւրտեան, մահացաւ 27 Հոկտեմբեր 2018 Շաբաթ օր, 106 տարեկանին։ Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալի ընտանեկան բոլոր պարագաներու, զաւակներու, թոռներու եւ ծոռերու կողքին, քաղաքիս կազմակերպութիւններու, միութիւններու եւ քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հանգուցեալին յիշատակը յարգող ծանօթ եւ բարեկամ սգակիրներ։

Արարողութեան կը հանդիսապետէր Գանատահայոց թեմի փոխ Առաջնորդ, եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան, ներկայ էին Ս. Գրիգոր լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Քիրէջեան, Միսիսոկայ Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Միւռոն Քհնյ. Սարգիսեան, ինչպէս նաեւ Բարշ. սարկաւագներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան նախկին դպրապետ՝ Յակոբ Ալթընեիւզիւքի մականին ներգեւ հրաշալի մենակատարութեամբ երգեց դպրաց դասը, դաշնակի ընկերակցութեամբ Սօնա Արթինեանի, իսկ Լենա Պէյլէրեան իր հմայիչ ձայնով մասնակցութիւն բերաւ նաեւ երգեցողութիւններուն։

Յընթացս արարողութեան Տէր Միւռոն կարդաց Գանատայի հայոց թեմի Առաջնորդ՝Գերշ. Տ. Աբգար Ս. Եպս. Յովակիմեանի ցաւակցական գիրը։ Ապա իր թոռներէն Վազգէն Ալթունեան փոխանցեց իր հրաժեշտի խօսքը, ան մանրամասնօրէն ներկայացուց մեծ մօր Սիրվարդ Քիւրտեանի կենսագրականը։ Դամբանականը խօսեցաւ Տէր Զարէհ Ա. Քահանան, բնաբան առնելով Յովհաննու աւետարանէն « Ան որ կը սիրէ իր անձը, կը կորսնցնէ զայն, իսկ ան որ կ՚անտեսէ իր անձը այս աշխարհի վրայ զայն հաւիտենական կեանքի համար պահած կ՚ըլլայ » խօսքերը։  Հանգուցեալին կեանքէն օրինակներ մէջբերելով վեր առաւ անոր կեանքի հանդէպ ունեցած սէրն ու Աստուծոյ հանդէպ ունեցած հաւատքը։ Տէր Հայրը դրուատեց նաեւ հանգուցեալին այն ձեռային աշխատանքները, նախշերը որոնցմով գեղեցկացան մեր եկեղեցիներուն խորանները։

Արարողութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Եորք գերեզմանատունը եւ ամփոփուեցաւ ընտանեկան դամբարանին մէջ։