20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս Ֆրեզնոյի համալսարանին մէջ

Հինգշաբթի՝ Սեպտեմբեր 6-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-էն սկսեալ, Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Հենրի Մետըն» գրադարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ 20-րդ դարու ցեղասպանութեանց նուիրուած ցուցահանդէս մը, որ նուիրուած է գլխաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութեան, Հրէական Ողջակիզման եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեան։ Ըստ աղբիւրին՝ արարողութեան մէկ ժամեայ պաշտօնական բաժինը պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, իսկ բացման արարողութեան մասնակցութեան համար տեղեր կարելի է ապահովել մինչեւ Օգոստոս 31՝ դիմելով (559) 278-2407 թիւին կամ այցելելով www.library.fresnostate.edu կայքը։ Մուտքը ազատ է։

Պաշտօնական արարողութեան գլխաւոր բանախօսն է Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի տնօրէնի բարձրաստիճան խորհրդատու՝ դոկտ. Քլինթ Քըրլ, իսկ անոր ներկայ պիտի ըլլան հիւրընկալ գրադարանի տնօրէն Տելռիթա Հորնպաքըլ, համալսարանի Արուեստներ եւ մարդագիտութեան բաժանմունքի տնօրէն՝ դոկտ. Սօլ Հիմենեզ Սանտովալ, Հայագիտական ուսմանց ծրագիրի համակարգող փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մօտ Ֆրանսայի ընդհանուր հիւպատոս Էմանուէլ Լեպրուն-Տամյէն եւ Ֆրանսայի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարանի շրջուն ցուցահանդէսներու Հիւսիսային Ամերիկայի պատասխանատու Տեպրա Սինքլեր։

Սոյն ցուցահանդէսը, որ իրականացած էր Ֆրանսայի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ՝ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ գտնուող Ողջակիզման թանգարանին համար, կազմակերպուած էր համադրութեամբ Ժորժ Պենսուսանի, Ժօէլ Քոթեքի եւ Իվ Թեռնոնի։

Ցուցահանդէսը կարելի եղած էր Ֆրեզնօ «ներածել»՝ շնորհիւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի տարբեր բաժանմունքներուն, Միացեալ Նահանգներու մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան ու Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Ֆրանսայի հիւպատոսարանին ջանքերուն։

Ցուցահանդէսը կը սկսի Սեպտեմբեր 1-ին ու կը շարունակուի մինչեւ Հոկտեմբեր 31։ Մուտքը ազատ է։

Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել գրադարան՝ (559) 278-7630 եւ Հայագիտականի գրասենեակ՝ (559) 278-2669 թիւերով, կամ՝ այցելել library.fresnostate.edu կայքը։