Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը մեկնարկէ «Իգործ» բացառիկ ծրագիրը եւ սփիւռքահայ մասնագէտներուն կը հրաւիրէ աշխատելու Հայաստանի պետական մարմիններու մէջ: Ծրագիրը նպատակ ունի նպաստելու պետութեան կառավարման գործին սփիւռքի զարգացած ներուժի ներգրաւման եւ մասնագիտական հայրենադարձութեան գործընթացի աշխուժացման, կը հաղորդէ “Արմռատիօ”-ն:
Ըստ պետական օղակներու կողմէ ներկայացուած մասնագիտական կարիքներուն` ծրագրի ծիրէն ներս սփիւռքահայ մասնագէտները գործունէութիւն պիտի ծաւալեն Հայաստանի Հանրապետութեան գրեթէ բոլոր նախարարութիւններու եւ կառավարութեան առնթեր մարմիններու մէջ` ներդնելով սեփական փորձն ու գիտելիքները համապատասխան ոլորտներու բարելաւման եւ զարգացման, քաղաքականութիւններու եւ ծրագիրներու մշակման գործին:
Ծրագրին դիմելու համար անհրաժեշտ է ունենալ մագիստրոսի կամ աւելի բարձր գիտական աստիճան: Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը մասնակիցներուն պիտի տրամադրէ օդանաւի տոմս եւ 336 հազար դրամ գումար կեցութեան ծախսերը հոգալու համար: Ծրագիրը պիտի տեւէ մէկ տարի եւ պիտի մեկնարկէ Յուլիս 1-էն։
Մասնակցելու համար անհրաժեշտ է լրացնել յայտադիմումը մինչեւ Ապրիլ 15-ը հետեւեալ յղումով` http://diaspora.gov.am/hy/pages/97/igorts: