Երեւան համայնքի սեփականութիւն հանդիսացող Նորագաւիթ թաղամասի ամայացած 60 հեքթար հողամասին վրայ շուրջ 88 միլիոն տոլարի ներդրումներու հաշուոյն՝ մինչեւ 2020 թուական ջերմոց պիտի կառուցուի: Այս մասին նշուած է կառավարութեան 20 Սեպտեմբերի նիստին քննարկուելիք որոշումի նախագիծին մէջ, կը հաղորդէ panarmenian-ը:
Կառուցուելիք կիսափակ ջերմատնային համալիրը հնարաւորութիւն կու տայ ստեղծելու առաւել քան 700 մշտական աշխատատեղ:
Ներդրումային ծրագիրը պիտի իրականացնէ «Արմսանպրոդակտ» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութիւնը: