Կիրակի, Փետրուար 24-ի յետմիջօրէի ժամը 1:30-ին տեղի ունեցաւ Birthright Armenia տեղեկատուական հանդիպումը, Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ, կազմակերպութեամբ՝ «Բարեւ» կեդրոնի, եւ համագործակցութեամբ՝ Թորոնթոյի Համալսարանի Հայ Ուսանողական Միութեան։ Հանդիսավարն էր՝ նշեալ միութեան անդամ՝ Օրդ. Գառնի Քաֆէսեան
Հանդիպման նպատակն էր Թորոնթոհայ երիտասարդութեան փոխանցել որոշ ծանօթութիւններ, Հայաստանի մէջ կամաւորական աշխատանքի իրենց փորձառութեան մասին, որ կրնայ շրջադարձային ըլլալ իւրաքանչիւր մասնակցողի կեանքին մէջ եւ նպաստել անոնց ապագայի աշխատանքային ասպարէզի կազմաւորման։
Ծրագիրին մասնակից չորս երիտասարդներ՝ Միսաք Պէլեան, Էմըլին Ճանիկըն, Սագօ Գալթաքճեան եւ Էլիսա Տէրտէրեան, յաջորդաբար եւ մեծ ոգեւորութեամբ ներկաներուն փոխանցեցին իրենց կամաւոր աշխատանքին եւ անկէ ձեռքբերած իրենց տպաւորութիւններուն եւ զգացումներուն մասին, քաջալերերով, որ այլ երիտասարդներ եւս օգտուին իւրայատուկ այս ծրագրի բարիքներէն։
Իրենց վկայութեամբ, հայկական արմատներու, մշակոյթի, կենցաղի եւ ամէնօրեայ մարտահրաւէրներու հետ մօտէն առնչուելու սքանչելի առիթ եղած է բոլոր անոնց, որոնք մասնակցած են այս ծրագրին։ Անոնք կը հաստատեն, թէ մասնագիտական միջավայրի մէջ մօտէն առնչուած են այլ երկիրներէ եկած եւ Հայաստանաբնակ երիտասարդներու ունեցած կեանքի ու ասպարէզի փորձառութիւններուն։
Հանդիպման աւարտին, «Բարեւ» կեդրոնի ատենապետուհի՝ Արմինէ Պոյաճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ մասնակից չորս երիտասարդներուն, նշելով որ Birthright Armenia ծրագրին մասնակցելու համար կարելի է դիմել «Բարեւ» կեդրոնի հետեւեալ ե-նամակի հասցէին info@barevcentre.com