BraVo մրցանակը յետ մահու շնորհուած է Շառլ Ազնաւուրին

«Համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդի համար» BraVo միջազգային արհեստավարժ երաժշտական մրցանակը յետմահու շնորհուած է ֆրանսացի երգիչ-երաժիշտ Շառլ Ազնաւուրին: Դափնեկիրներու յայտարարութեան արարողութիւնը Մարտ 21-ին տեղի ունեցած է Քրեմլինի պետական պալատին մէջ, կը տեղեկացնէ «Արմենփես»-ը` յղում ընելով ԹԱՍՍ-ին:

«Աշխարհը կորսնցուց մեծ արուեստագէտ, բայց անոր արուեստը կը շարունակէ ապրիլ եւ դեռ երկար ու երկար պիտի լուսաւորէ սերունդներ: Եւ այսօր «Համաշխարհային երաժշտական մշակոյթի բնագաւառին մէջ ներդրած աւանդի համար» անուանակարգին մէջ BraVo միջազգային արհեստավարժ երաժշտական մրցանակը մենք կը շնորհենք Շառլ Ազնաւուրին»,- յայտարարած Է արարողութիւնը վարող Ֆիլիփ Կիրկորով: Արձանիկը պիտի յանձնուի երգիչին ընտանիքին:

Ազնաւուրի «Յաերժական սէր» երգը համերգի ժամանակ կատարած Է Թամարա Կուերտծիթելին:

«Անկարելի Է Շառլ Ազնաւուրի մասին խօսիլ անցեալ ժամանակով: Ան համաշխարհային երաժշտութեան գանձարան Է: Շնորհակալութիւն, մայսթրօ, ձեր երաժշտութեան, երգերուն համար, որոնք աւելի գեղեցիկ, աւելի երջանիկ դարձրուցին մեր աշխարհը»,- ըսած է ան: