Մոնթրէալ
Սովորութիւն դարձած նախաճաշը (Brunch), դարձեալ կրկնուած էր այս տարի եւս Կիրակի՝ 1 Յուլիս 2018-ին:
Ռ.Ա.Կ. ի Մոնթրէալ «Էօժէն Փափազեան» ակումբի ատենապետ Արա Պալեան խանդավառօրէն կը դիմաւորէր հոծ հասարակութեան մը մուտքը Թ.Մ.Միութեան սրահէն ներս:
Ճոխ «Open buffet» ի ճաշասեղան մը պատրաստուած էր, ուր համեղ ուտելիքներու տեսքն ու բոյրը աւելի կը սրէր ներկաներուն ախորժը:
Հայկական երաժշտութիւն մը կու գար ամբողջացնելու օրուան հաճոյքը:
Ատենապետ ընկ. Արա Պալեանի յայտարարութեան վրայ խօսք առաւ Տօքթ. Սարգիս Երեցեան: Ան համառօտ կերպով բացատրեց անհրաժեշտ ներկայութիւնը «Հայ որբերու օգնութեան ընկերակցութիւն»-ին, միութիւն մը, որ կը զբաղուի հայ որբերով, համաշխարհային չափանիշով: Այս ընկերակցութիւնը հիմնուած է 2005-ին Տիար Ժորժ Եագուպեանի ջանքերով. սկսած 77 մասնաճիւղերով իսկ այժմ հասած 132 ի: Հոգատարութեան ու խնամատարութեան աշխատանքով կը սնուցանէ մօտ 2000 որբեր: Այս առիթով յաջորդ օրը, տեղի պիտի ունենար երգահանդէս մը, ուր Հայաստանէն հիւրաբար ներկայ կը գտնուէր երգչուհի՝ Մարինէ Կրիկորեանը:
Այսօր Տիկ. Կրիկորեան ներկայ էր, ու ընդառաջելով մեր փափաքին, իր դիւթիչ ձայնով մեզ պատուեց հայկական եւ իտալական զոյգ երգերով: Ծափահարուեցաւ խանդավառութեամբ:
Այսպիսի զուարթ եւ ուրախ մթնոլորտի մէջ էինք բոլորս. գոհունակ կը խօսակցէինք մեր սեղանակիցներու հետ, վայելելով հաճելի «Canada day» մը:
Վերջապէս Գանատական ազգային տօն մըն է, երբ պէտք է յիշել ու մասնակից դառնալ իբրեւ քաղաքացի ու մանաւանդ իբրեւ հա’յ:
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ