UNESCO-ն կարելի կը նկատէ Հալէպի հին քաղաքին վերականգնումը

UNESCO-ի համաձայն, Հալէպի հին քաղաքը, որ աւերուած է ՏԱՀԵՇ-ին հետ արիւնալի տագնապին ընթացքին, կարելի է վերականգնել: «Մեր գաղափարն է` վերականգնել հին քաղաքը նոյնինքն այն տեսքով ու քարով, որոնցմով գոյութիւն ունէր անիկա մինչեւ պատերազմը», նշած է Հալէպի մէջ UNESCO-ի ներկայացուցիչ Մազեն Սամման` «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին: Անոր համաձայն, նախորդ վերականգման ընթացքին պահպանուած էին Հին քաղաքի միջնադարեան մզկիթներու, շուկաներու, բաղնիքներու եւ միջնաբերդերու մանրամասնութիւններուն ծրագիրները:

Ըստ «Ազդակ»-ի՝ միեւնոյն ատեն կը շեշտուի, որ այդ փաստաթուղթերը բաւարար չեն ամբողջ շրջանի վերականգնման համար: Հալէպի Հին քաղաքին նախկին տեսքը վերականգնելու առումով կը պահանջուին նաեւ «ներքին ջանքեր»: UNESCO-ի մասնագէտները կը ծրագրեն արհեստաւորներու համար դպրոց բանալ, որպէսզի վերակենդանացնեն նախկին գիտելիքներն ու հմտութիւնները, որոնք պիտի նպաստեն Հին քաղաքի վերականգնման աշխատանքներուն: «Կը մտածենք արհեստաւորներուն համար դպրոց մը հիմնելու մասին», եզրափակած է Սամման:

Հալէպի մէջ խաղաղ կեանքի վերականգնումը կարելի դարձաւ, երբ սուրիական բանակը գործնականօրէն ամբողջութեամբ ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրեց նահանգը եւ շարժեցաւ դէպի Ռաքքա նահանգի կեդրոնը` Եփրատ գետին ուղղութեամբ, ազատագրելով բնակելի տարածքները ահաբեկիչներէն:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապը սկիզբ առած է մարտ 2011 թուականէն ի վեր: ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն, այս ժամանակաշրջանին երկիրը աւելի քան 220 հազար զոհ տուած է: