Յունիս 7ին Թուրքիոյ մէջ տե¬ղի ու¬նեցած խորհրդա¬րանա¬կան ընտրու¬թիւններուն հայ հինգ թեկ¬¬նա¬¬¬ծու¬¬ներէն երե¬¬քը ընտրուեցան Թուրքիոյ Ազ¬¬գա¬¬¬յին Ժո¬¬ղովի երեսփոխան: Պոլ¬¬սոյ երկրորդ ընտրա¬¬տարած¬¬քին մէջ, ընդդի¬¬մու¬¬թեան գլխա¬¬ւոր կու¬¬սակցու¬¬թեան՝ CHP-ի ցան¬¬կէն ընտրո¬ւեցաւ Սե¬¬լինա Էօզու¬¬զուն-Տո¬¬ղան: Դարձեալ երկրորդ շրջանէն, իշ¬¬խա¬¬¬նու¬¬թեան AKP կու¬¬սակցու¬¬թե¬¬¬նէն ընտրուեցաւ Մար¬¬գար Եսա¬¬յեան, իսկ քրտամէտ HDP կուսակցութենէն Պոլսոյ երրորդ ընտրաշրջանէն ընտրուեցաւ հա¬¬մայնքա¬¬յին գոր¬¬ծիչ եւ հայ¬¬կա¬¬¬կան դպրոց¬¬նե¬¬¬րու վա¬¬րիչ յանձնա¬¬ժողո¬¬վի պա¬¬տաս¬¬խա¬¬¬նատու՝ Կարօ Փայլան: Երկու այլ հայ թեկնածուներ չընտրուեցան:
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորած Ար¬դարդու¬թիւն եւ Բար¬գա¬ւաճ¬ում Կու¬սակցու¬թիւնը՝ AKP, կ’ակնկալէր բացարձակ մեծամասնութիւն գոյացնել, որպէսզի կարենար Սահմանադրական փոփոխութիւններով հաստատել նախագահական կառավարական դրութիւնը, բայց շահեցաւ ձայներու միայն 41%-ը, նուազ քան բացարձակ մեծամասնութիւնը: Երկրորդ դիրքի վրայ մնաց Ժողովրդական Կուսակցութիւնը՝ CHP, 25%-ով, երրորդ եւ չորրորդ դիրքի վրայ մնացին Ազգային Շարժում (MHP 16.3%) եւ Քրտամէտ Ժողովրդավար Կուսակցութիւնը (HDP 13%): Այս վերջինը, անցնելով 10% պատուարը, վաստկեցաւ խորհրդարան մուտք գործելու իրաւունքը: Ընտրուած են նաեւ չորրորդ քրիստոնեայ թեկնածու մը Ասորի համայնքէն եւ երկու Եզիտիներ:
Առանձին կուսակցութեան մը մեծամասնութեան բացակայութեան, կը սպասուի որ Թուրքիա մտնէ ներքին փոթորկալի քաղաքական հանգրուանի մը մէջ, որովհետեւ համաձայնական կառավարութիւն մը կազմելու հաւանականութիւնն ալ շատ փոքր է:
Այսպէսով, 60 տարուայ բացակայութենէ ետք երեք հայեր մաս կը կազմեն Թուրքիոյ Խորհրդարանին:
Նկար: ձախէն՝ Կարօ Փայլան, Սէլինա Տողան եւ Մարգար Եսայեան: