Սփիւռքի մէջ մեր բոլոր գաղութները անխտիր կառուցուած են աւազի վրայ: Աւազի վրայ, որովհետեւ մերը չէ եղած հողը եւ օտար հողի վրայ ինչքան ալ պերճ շէնք բարձրացնես, միեւնոյնն է, օր մը փուլ պիտի գան անոնք:
Գուշակութիւններ ընելու, կամ պատճառներ որոնելու կարիք չկայ, յստակ է՝ ոտքի տակ քու սեփական հողդ չունիս,ուրեմն, ուշ, կամ կանուխ , կառուցածդ քուկդ չէ այլեւս, գաղութը կը քայքայուի, կ’այլափոխուի, կը պարպուի, կը ծերանայ, կը հիւծի եւ վերջապէս կը մեռնի:
Հալէպը, այս պատմական, աւանդապահ, ապրող ու շենշող գաղութը, հիմա մահամերձ է:
Քանակական ու որակական կորստաբեր նահանջի մէջ է: Կը պատահի՞ հրաշքը, կը վերապրի՞ գաղութը, կը վերագտնէ՞ իր երբեմնի առողջութիւնը, ո՞վ չի փափաքիր, սակայն ատիկա արուեստական երկարաձգում մը պիտի ըլլայ, որ դարձեալ վերջ պիտի գտնէ օր մը, որ շատ հեռու չի կրնար ըլլալ:
Հողը, հո՛ղն է ամէնաէականը ազգ մը պայմանաւորող ազդակներուն: Լեզուն, հաւատքը, պատմութիւնը, մշակոյթն ու կենցաղը, բոլորն ալ կարեւոր են, սակայն, այս բոլորը առանց հողի չեն դիմանար:
Իսկ, այսօր, պատուհասուած Հալէպէն հայրենիք վերադարձողները, ամէնաճիշդ քայլը առած կ’ըլլան եթէ մնան ու արմատներ նետեն: Եթէ կ’ուզենք, ոչ միայն որպէս սոսկ մահկանացուներ ապրիլ, այլ՝ հայօրէն ապրիլ, միակ փրկութեան լաստը Հայաստանն է: