Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Պաթմանի (Սասուն) երեսփոխան Ալի Աթալան Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան դիմում կատարելով` հաշիւ պահանջեց Սասունի մէջ հայկական եկեղեցիի ու գերեզմանատան հրկիզման հարցի կապակցութեամբ:
Աթալան դիտել տուաւ, որ 15 Օգոստոս 2015 թուականին անծանօթ անձի մը կամ անձերու կողմէ հրկիզուեցաւ Սասուն գաւառակի Մէշէլի (Գոմք) գիւղի Ս. Պետրոս հայկական եկեղեցին ու յարակից գերեզմանատունը, եւ հակառակ այս հրկիզման` որեւէ միջամտութիւն չեղաւ ո՛չ հրշէջ խումբի կողմէ, ո՛չ ալ պատկան իշխանութիւններու կողմէ: Հրկիզուած գերեզմանատան մէջ այրեցան նաեւ հոն թաղուած եկեղեցական առաջնորդներու ոսկորները:
Հրշէջները եւ ոստիկան զինուորները, որոնք պէտք էր միջամտէին արգելք հանդիսանալու համար, չղրկուեցան ու հրդեհը ձգուեցաւ իր վիճակին:
Աթալան կացութեան դիմաց հետեւեալ հարցումները ուղղեց Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահութեան.
- Որեւէ աշխատանք կը կատարուի՞ կամ պիտի կատարուի՞, որպէսզի իր նախկին վիճակին վերադարձուին հրկիզուած Ս. Պետրոս եկեղեցին ու յարակից գերեզմանատունը:
- Նախայարձակներուն ինքնութիւնը ճշդուա՞ծ է: Անոնց դէմ պատժամիջոցներ առնուա՞ծ են կամ պիտի առնուի՞ն:
- Կը խորհի՞ք, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ հայկական եկեղեցիներու ու յուշարձաններու վրայ կատարուած յարձակումները ցեղապաշտութեան յատկանիշ մը ունին, այս ուղղութեամբ յայտնուող նախայարձակներուն մասին ի՞նչ կը մտածուի:
- Պաթմանի (Սասուն) վարչական իշխանութիւններու դէմ հետապնդում մը պիտի կատարուի՞ այս անտեսումին պատճառով:
- Հրշէջները ճամբաներու չգոյութեան պատճառով չկրցան հրդեհի վայրը երթալ, եթէ այսպէս է, այս դարաշրջանին տակաւին ճամբաներու չգոյութեան մասին ի՞նչ կը մտածուի:
- 15 Օգոստոսին կատարուած այս յարձակումին մասին ապահովութեան նկարչամեքենաներու կողմէ կատարուած արձանագրութիւններ կա՞ն:
- Ինչպիսի՞ միջոցներ ձեռք կ՛առնէք, որպէսզի բարոյական արժէք ներկայացնող գերեզմաններու ու նմանօրինակ յուշարձաններու մէջ անգամ մըն ալ չըլլան նմանօրինակ պատահարներ: