ԱՊՕՐԻՆՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒԻ ԻՆՔՆԱԽՈՍՏՈՎԱՆՈՒԹԵԱՄԲ

Հաղորդագրութիւն թիւ 8

 

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը դժբախտաբար կը մնայ պառակտուած՝ իբրեւ հետեւանք այն խարդաւանքներուն զորս գործադրած է Կուսակցութեան հետ առնչութիւն չունեցող անոպայ մը, որ ինքզինք հռչակած էր անգոյ «կեդրոնական վարչութեան ատենապետ»: Կուսակցութիւնը աւերակի վերածելէ ետք արդէն հեռացած է յիշեալ ծաղրածուն, սակայն, անոր լարած ծուղակին մէջ բանտարկուած կարգ մը միամիտներ տակաւին կը շարունակեն կատակերգութիւնը՝ առանց անդրադառնալու թէ աւելի եւս ծաղր ու ծանակի կ’ենթարկեն կուսակցութիւնը:

Քանի կը պայթեցուին յիշեալ խմբակին յաւակնութեան կեղծ փուչիկները աւելի եռանդով կը յարին անոնք անգոյ «օրինականութեան» առասպելին՝ ամենէն ստորին որակումներով պայքարելով կուսակցութեան աւանդական ղեկավարութեան դէմ: Պարտուածներու եւ դասալիքներու այս խմբակը իր թոյնը յատկապէս վերապահած եւ ուղղած է կուսակցութիւնը կարգի բերողներու հասցէին. ոչ մէկ հայհոյանք ունի թուրքին դէմ, ոչ մէկ զրպարտութիւն՝ ազերիներուն դէմ եւ ոչ մէկ վերապահութիւն՝ կուսակցութեան գաղափարական հակառակորդներուն դէմ:

Ինքզինք «կեդրոնական վարչութիւն» կարծող այս խմբակը հրատարակած է պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը՝ յանուն «Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ պատգամաւորական ժողովի դիւան»ին, ստորագրութեամբը Էօժէն Գարաճեանի (ատենապետ) եւ Հրայր Հովիւեանի (ատենադպիր):

Տուեալները, որոնք ներկայացուած են այդ փաստաթուղթին մէջ իբրեւ թէ ապացուցանելու Մայիսի ժողովի օրինականութիւնը, ուրիշ բան չեն ըսեր եթէ ոչ ինքնախոստովանութեամբ հաստատել յիշեալ ժողովին հակականոնական ըլլալու բնոյթը եւ անկէ բխած մարմնին՝ ապօրինութիւնը: Կուսակցութեան ընդհանուր պատգամաւորական ժողովին ամպագոռգոռ բնորոշումներ տուող այս ծպտեալ կուսակցականները, տարրական գաղափարն անգամ չունին թէ ի՛նչ կը սահմանէ կուսակցութեան ծրագիր-կանոնագիրը այդ պատգամաւորական ժողովին մասին – Ընդհանուր պատգամաւորական ժողովը այն համագումարն է ուր շրջանաւարտ կեդրոնական վարչութիւնը իր համարատուութիւնը կը կատարէ այդ գերագոյն մարմնին առջեւ՝ պարտազերծ կամ պարտազանց հռչակուելու համար: Երբ Գարաճեան եւ Հովիւեան, որոնք անդամակցած են շրջանաւարտ վարչութեան եւ դիւանի պաշտօն կը ստանձնեն պատգամաւորական ժողովին՝ համարատու եւ համարառու իրար կը խառնուին: Բայց այս մարդոց համար ոչ համարատուն նշանակութիւն ունի եւ ոչ ալ համարառուն, կը բաւէ որ «օրինականութիւն» եւ նման այլ խոշոր բառերու ետին ծածկեն իրենց անօրինականութիւնն ու պոռացող տգիտութիւնը:

Անդրադառնալով վերոյիշեալ հաղորդագրութեան կ’արժէ մէկ առ մէկ վեր առնել ներկայացուած տուեալները՝ իրենց իսկ խօսքերով մերկացնելու օրինականութիւնը փաստելու ձգտող անհիմն հաստատումները:

Նախ ըսենք թէ նախկին «ատենապետ»ը իր պարապոյ ժամերուն զուարճացած է քարտէսի վրայ աշխարհագրական նոր շրջանակներ ստեղծելով եւ երեւակայական մարմիններ ստեղծելով այդ շինծու շրջանակներուն համար: Այսպէս՝

1. ՌԱԿ Արեւմտեան Գանատայի Շրջանակ: Այսպիսի շրջանակ գոյութիւն չունի. Վենքուվըրի վախճանեալ ակումբը մաս կը կազմէր ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանակին: Սակայն, «կեդրոն»ի տասնամեայ քայքայիչ գործունէութեան հետեւանքով կազմալուծուած է այդ ակումբը եւ ոչ ոք իրաւունք ունի այդ ակումբին անունով աչքաբացութիւններ ընելու:

2. ՌԱկ Կեդրոնական Գանատայի Շրջանակ. նոյնպէս գոյութիւն չունի: Թորոնթօ քաղաքը ունի ՌԱԿ Եսայի Եաղուպեան ակումբը, որ ենթակայ է ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի, որ մաս չի կազմեր «պատգամաւորական»ի խաղերուն, այլ ամուր խարիսխներէն մէկն է Վերականգնումի ու Միութեան Շարժումին:

3. ՌԱԿ Արեւելեան Գանատայի Շրջանակը նոյնպէս գոյութիւն չունի, իսկ ենթադրեալ «ատենապետ» Վարուժան Քէշիշեանի հետքը կորսուած է 20 տարիներէ ի վեր: Արեւելեան Գանատայի մէջ կը գործէ ՌԱԿ Էօժէն Բաբազեան աշխոյժ ակումբը, որ նոյնպէս ենթակայ է ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի շրջանակին: Յիշեալ ակումբին անունով ժողովին մասնակցած է Արա Ահարոնեան, առանց որ ակումբը տեղեակ մնայ այդ ապօրինի մասնակցութեան, որ դատապարտելի է իբրեւ օրինազանցութիւն. զարմանալի չէ որ ՌԱԿ Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանակին կողմէ վարկաբեկուելէ ետք, ենթական կրնայ ոեւէ շրջանակ ներկայացնել:

4. ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակ՝ թէեւ գոյութիւն ունի սակայն ոչ մէկ օրինաւոր ժողով գումարած է պատգամաւորներ ընտրելու. քանի մը միջակութիւններ գրաւած են վարչութիւնը՝ դատարկելով լուրջ անդամակցութիւնը՝ խրտուիլակի վերածելով կուսակցութիւնը 500,000-նոց աշխոյժ գաղութի մը մէջ:

5. ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանակ գոյութիւն չունի: Այս շրջանակին անունով մասնակցող Նորայր Մկրտիչեան եւ Յարութիւն Տիրացուեան ոչ մէկուն կողմէ լիազօրուած են նման ժողովի մը մասնակցելու: Եթէ նման կեղծ հանգամանքներ յաւակնած են՝ ՌԱԿ Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի Շրջանային Վարչութիւնը պարտի օրինական տնօրինումներ ընելու անոնց նկատմամբ:

6. ՌԱԿ Հարաւային Ամերիկայի Շրջանակը դադրած է գոյութիւն ունենալէ եւ ԹՄՄ Ֆեսճեան Կեդրոնը որ կուսակցապատկան կալուած է՝ փոխանցուած է այլ բարեսիրական միութեան մը: Եթէ Պուէնոս Այրէսի մէջ կան նախանձախնդիր անդամներ, թող բարի ըլլան տէր կանգնելու կուսակցութեան ինչքին՝ տիրութիւն ընելէ առաջ այլ շրջանակներու կալուածներուն: Թորոնթոյաբնակ Մայք Խարապեան որ կորսնցուցած է ՌԱԿ Եսայի Եղուպեան ակումբին հասցէն՝ հազարաւոր մղոններ հեռաւորութենէն ներկայացուցեր է Հարաւային Ամերիկան:

7. ՌԱԿ Մեծն Բրիտանիոյ Շրջանակ. Լոնտոնի մէջ 20 տարուան ամլութենէ վերջ վերակազմուած է ՌԱԿ Տամատեան ակումբը, որուն մաս չի կազմեր Վարդան Ուզունեան: Այս վերջինը հաշուետուութենէ խուսափելու համար վերջերս միացած է պառակտեալներու խումբին:

8. ՌԱԿ Ֆրանսայի եւ Պելճիքայի Շրջանակը կազմալուծուած է: Ոչ ժողովական կեանք կայ այնտեղ ոչ ալ պատգամաւոր ընտրելու հնարաւորութիւն: Միայն նախկին «ատենապետ»ին հպատակ մը Լիոնի մէջ զբաղած է ինքնագործունէութեամբ՝ վարկաբեկելով ՌԱԿի համբաւը:

9. ՌԱԿ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Շրջանակ: Սիտնիի երբեմնի ժրաջան շրջանակը կազմալուծուած է վերջին տասնամեակի յուսալքիչ պայքարներուն հետեւանքով: Ոեւէ պատգամաւորի մասնակցութիւնը այս անգոյ շրջանակին անունով պարզապէս խարդախութիւն է:

10. ՌԱԿ Արցախի Շրջանակ գոյութիւն չունի որովհետեւ իշխանութիւնները արգիլած են նոր կուսակցութիւններու կազմութիւնը Արցախի մէջ: Կատակերգութիւն մըն ալ այս՝ այդ շրջանակին անունով:

11. Լիբանանի Շրջանակ, արդարեւ գոյութիւն ունի, սակայն բացակայ էր շրջանակին ատենապետը: Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովին մէջ Լիբանանի շրջանակը ներկայացնելու կոչուած ընկերները ընտրուած են այն նոյն պատգամաւորներէն որոնք երկուքուկէս տարի առաջ ընտրուած էին յստակ պարտականութեամբը այդ օրուան ՌԱԿ Շրջանային ընթացաւարտ Վարչութիւնը ընտրելու: Պատգամաւորական Ժողովի գումարման առնչութեամբ շրջաբերականներ ղրկելէ ետք նոր ընտրութիւններ չեն եղած (պատգամաւորներու, որոնք Ընդհանուր Պատգամաւորականի պէտք է մասնակցին) ինչ որ պէտք է ըլլային ըստ կանոնագրի, այլ անցեալի այդ նոյն պատգամաւորները բերուած են եւ անոնց միջոցաւ այս անգամ Ընդհանուր Պատգամաւորական Ժողովի պատգամաւորներ ալ ընտրուած են: Այսօրինակ ընտրութիւն, ինչ որ պատահեցաւ Լիբանանի մէջ, կը սեպուի հակաօրինական արարք իսկ ընտրուածներն ալ ինքնաբերաբար կը համարուին՝ շրջանակի ոչ օրինաւոր ներկայացուցիչներ:

12. Սուրիոյ պատերազմին պատճառաւ, դժբախտաբար ոչ կարելի է ժողով գումարել այնտեղ ոչ ալ պատգամաւոր ընտրել: Հիւրաբար Հայաստան բնակող ընկերները կրնան ոեւէ ժողովի մասնակցիլ՝ սակայն, վստահաբար պարկեշտութիւնն ունին ընդունուելու, սակայն ոեւէ պաշտօնական հանգամանք չեն կրնար ունենալ ոչ ալ յաւակնիլ ոեւէ շրջանակ ներկայացնելու:

13. Հարաւային Սուրիոյ Շրջանակ գոյութիւն չունի, որով Դամասկոսէն ներկայացուած պատգամաւորները ապօրէն են եւ պէ՛տք էին մաս կազմել Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան:

14. ՌԱԿ Երուսաղէմի եւ Յորդանանի Շրջանակները ունեցած են պատգամաւորի օրինական ընտրութիւններ սակայն անոնք լուրջ քննադատութեան ենթարկած են «27րդ պատգամաւորականը» կազմակերպողները:

15. ՌԱԿ Եգիպտոսի Շրջանակը այն սակաւ շրջանակներէն մէկն է որ կատարած է օրինաւոր ընտրութիւն: Սակայն, ներկայացող պատգամաւորները բողոքելով հեռացած են ժողովէն, ի տես աղաղակող խախտումներուն եւ ապօրինութեանց:

***

Հաղորդագրութեան մէջ իբրեւ «օրինականութեան» փաստ կը յիշուին այն վկայութիւնները, ըստ որոնց հայրենի քաղաքական եւ հոգեւոր իշխանութիւնները շնորհաւորեր են նոր «կեդրոնական վարչութիւնը»: Նախ կատարուածը աչքաբացութիւն է իրենց չունեցած հանգամանքները իբրեւ իրականութիւն ներկայացնելու եւ թիւրիմացութեան մատնելու իշխանութիւնները:

Իսկ երկրորդ՝ ոչ Հայաստանի նախագահը եւ ոչ ալ Վեհափառը կ’ընտրեն ՌԱԿի օրինաւոր ղեկավարութիւնը: Միայն անդամակցութիւնն է որ իր քուէներով կը լիազօրէ կեդրոնի օրինական իշխանութիւնը: Բան մը՝ որմէ զուրկ է այս ինքնակոչ «կեդրոնը»:

Վերեւի այս տուեալներով ակնյայտ է թէ կատարուած ժողովը բոլորովին զուրկ է որեւէ օրինականութենէ: Հետեւաբար, այսու կը զգուշացնենք «կեդրոնական վարչութիւն» ըլլալ յաւակնող խմբակը դադրեցնել այդ անվաւեր որակումով ներկայանալ ազգային կամ այլ որեւէ շրջանակներու:

Վերջացնելու համար, այստեղ կ’ուզենք ստորագծել թէ Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը նկատի ունենալով անցնող աւելի քան տասնեակ մը տարիներու ընթացքին ՌԱԿի Կեդրոնական օրինաւոր իշխանութեան բացակայութեան իբրեւ հետեւանք, շրջանակներու մեծամասնութեան անկազմակերպ վիճակը, մենայն պարկեշտութեամբ խուսափեցաւ իր համաժողովներուն «Պատամաւորական»ի հանգամանք տալ: Վերականգնումի եւ Միութեան Շարժումը, փոխարէնը այժմ կը ձգտի օրինականութիւնը վերահաստատել Կուսակցութեան մէջ: Այս առնչութեամբ յառաջիկայ Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք հաւաքը վճռական հանգրուան մը պիտի ըլլայ օրինականութիւնը վերահաստատելու, hայրենակեդրոն կուսակցութեան կառոյցը կանոնական հիմքի վրայ հաստատելու եւ ՌԱԿի հայաստանեան եւ սփիւռքեան թեւերը համադրելու:

Ահա՛ այս մտասեւեռումով է որ ժողովի կը հրաւիրուին Սփիւռքի բոլոր շրջանակներէն բոլոր այն ռամկավար ազատականները որոնք խորապէս մտահոգ են Կուսակցութեան վերականգնումով նաեւ կարող են եւ տրամադիր իրենց ուժերը համախմբելու եւ տրամադրելու որպէսզի, ընդհանուր հաւաքի մը մէջ, վերաքննուի ՌԱԿի կանոնագրութիւնը եւ Հայաստանի ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան գործակցութեամբ ստեղծուի բարենորոգուած կանոնագիր մը, որմէ ետք ՌԱԿը գործէ կրկին կանոնաւորութեամբ եւ վերստանձնէ իր կենսական դերը հայ ժողովուրդի ազգային կեանքին մէջ:

 

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Յուլիս 26, 2016