Արժանթինի Սան Լուիս նահանգին մէջ Ապրիլ 24-ը պիտի նշուի իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի օր

Արժանթինի Սան Լուիս նահանգը ընդունած է օրէնք, որով Ապրիլ 24-ը կը հռչակուի իբրեւ «Ժողովուրդներու միջեւ հանդուրժողականութեան եւ յարգանքի օր»` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան: Այդպիսով, Սան Լուիս դարձաւ Արժանթինի 20-րդ նահանգը, որ ընդունոց  նման օրէնք:

Սան Լուիսի խորհրդարանը միաձայնօրէն քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ճանչցող օրէնքի օգտին, իր համերաշխութիւնը յայտնած հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ պատրաստակամութիւն ցուցաբերած` նահանգային մակարդակով իրականացնել յիշատակի ձեռնարկները: