Գահիրէի Հայ համայքնի ներկայացուցիչները մասնակցեցան Հայաստանին նուիրուած երեկոյին

Յունուար 29-ին, Գահիրէի «Քոսմոփոլիթ» միջազգային ակումբը կազմակերպած էր Հայաստանին նուիրուած յատուկ երեկոյ մը, որուն ներկայ էին ակումբի անդամներ, Եգիպտոսի հասարկական եւ գործարար շրջանակներու, Գահիրէի հայ համայքնի ներկայացուցիչներ եւ հոգեւոր առաջնորդներ:

Հայաստանին նուիրուած հանգամանալից ելոյթով հանդէս եկաւ Եգիպտոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան, որ ներկայացուց Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի անցած ուղին, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերութիւնները, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումային հնարաւորութիւնները, մշակութային առանձնայատկութիւնները, երկրի զբօսաշրջութեան գրաւչութիւնն ու հայկական Սփիւռքի դերակատարութիւնը:

Դեսպան Մելքոնեան նաեւ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղուած Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերուն ու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացքին:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Մելքոնեան պատասխանեց ներկաներու բազմաթիւ հարցումներուն:

Երեկոյին ընթացքին տեղի ունեցաւ Հայաստանի մասին պատմող շարժապատկերի մը ցուցադրութիւնը եւ հայկական երաժշտութեան համերգը: