Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրեսի մէջ տեղի ունեցաւ յունահռոմէական ըմբշամարտի Հարաւային Ամերիկայի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին Պրազիլը ներկայացնող 130 քկ. ծանրութեան դասակարգէն Էդուարդ Սողոմոնեան նուաճած է ախոյեանի տիտղոսը եւ 2016ի Ռիոյի ողիմպիական խաղերու մասնակցութեան իրաւունքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի ըմբշամարտի դաշնակցութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Սա Հարաւային Ամերիկայի առաջնութիւնում Բրազիլիայի հաւաքականի նուաճած առաջին ոսկէ մեդալն է: Շնորհակալ եմ Աստծուց, որ ինձ բերեց այս յաղթանակին: Շնորհակալ եմ բոլոր նրանց, ովքեր օգնեցին ու հաւատացին ինձ: Թող Աստուած օրհնի բոլորիդ», յաղթանակէն ետք Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Սողոմոնեան:
Էդուարդ Սողոմոնեան 2012 թուականէն կը բնակի Պրազիլ։