Հալէպի մէջ Ատիս Հարմանտեան համերգով հանդէս եկած է

ԱՏԻՍԻՆ ԵՐԳԱՀԱՆԴԷՍՈՎ՝ ՀԱԼԷՊ ՎԵՐԱՊՐԵՑԱՒ ԻՐ «ԵՐԱԶԱՅԻՆ» ԳԻՇԵՐՆԵՐԷՆ ՄԻՆ. Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 

Երկու շաբաթէ իվեր անհամբեր կը սպասուէր այս օրուան։
Հ.Բ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Ը.-ի շրջանակը ծանուցած էր, թէ Ամերիկայէն Հալէպ հրաւիրած էր էստրատային երգերու անուանի մեկնաբան Ատիսը՝ երգահանդէսներ տալու Հալէպի մէջ, որ դեռ նոր-նոր սկսեր էր թօթափել հնգամեայ պատերազմին փոշիները…։
Առաջին իսկ րոպէէն լուրը խանդավառութիւն ստեղծեց մասնաւորաբար միջին ու երէց սերունդին մօտ, այսինքն անոնց՝ որոնք 30-40 կամ նոյնիսկ 50 տարի առաջ ընտելացեր էին Ատիսի ձայնին ու դէմքին, մինչ իրենց շրթներէն վար չէին իյնար անոր համբաւաւոր ու անմոռանալի երգերը։
Սպասելի էր ուրեմն, որ Ատիսի Հալէպ վերադարձը ողջունուէր համակրանքով ու մարդիկ չփախցնէին հազուագիւտ առիթ մը, որ զիրենք ետ պիտի տանէր դէպի հի՜ն ու քաղցր տարիները իրենց երիտասարդութեան…։
Այդպէս ալ եղաւ։
Ատիս, շատ անուշ ապրումներ արթնցուց բոլոր այն հայորդիներուն մօտ, որոնք գունդ առ գունդ փութացեր էին լեցնել Բարեգործականի «Գ. Նազարեան» հանդիսասրահը, Երկուշաբթի 25 Դեկտեմբերի երեկոյեան, ու վայելել երգահանդէս մը, որ ըստ մեզի՝ «կարօտի երգահանդէս» մըն էր գերազանցապէս։
Ատիս, տարիներու սահանքին հետ՝ տարեւորած էր անշուշտ, բայց պահեր էր իր առինքնող ու թովիչ ձայնը, պահեր էր այդ ձայնին այն մտերիմ ելեւէջները, որոնք այնքա՜ն սիրելի էին մեզի։
Նազարեան հանդիսասրահի լուսազարդ բեմին վրայ՝ Ատիս շարունակ երգեց ճիշդ երկուքուկէս ժամ տեւողութեամբ։Ան մի առ մի երգեց այն բոլոր էստրատային երգերը, զորս գոց գիտէինք մեր պատանեկութեան օրերէն, կամ որոնց կը սպասէինք արդէն այս երգահանդէսին առթիւ։
Ամբողջ սրահը ծափեց, երգեց ու…կարօտով վերյիշեց հի՜ն օրերը։ Երիտասարդները պար բռնեցին սրահին միջանցքներուն մէջ։ Ունկնդրեցինք «Ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր»ը, «Այլ աչեր կան իմ սրտում»ը, «Գարուն, գարուն է»ն, «Նունէ»ն, Մեծարենցի «Գիշերն անուշ է»ն, «Սպասի՛ր, ես կը գամ»ը եւ այլն, եւ այլն։
Յիշատակելի ձեռնարկ մըն էր, ուր Հալէպ վերապրեցաւ իր երբեմնի «երազային» գիշերներէն մին, իսկ հայ երգը անգամ մը եւս ցնցեց ո՛չ միայն լեփ-լեցուն սրահին պատերը, այլեւ՝ ներկաներուն սրտերը…։