Թրքական բանտէն փախուստի դիմած հայազգի մտաւորական Սեւան Նշանեան Յունաստանի իշխանութիւններէն վեց ամսուան ժամկէտով կեցութեան իրաւունք ստացած է։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը։
«Յունաստանը սկիզբէն նկատած եմ իմ երկրորդ կամ երրորդ հայրենիքս։ Անիկա շատ գեղեցիկ ու քաղաքակիրթ երկիր է: Շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ կեանքիս նոր փուլը անցընեմ հոս», «Արմէնփրէս»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է Նշանեան:
Ան 2014-ին, 17 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Իզմիրի գիւղական շրջաններուն մէջ գտնուող իր սեփական հողերուն վրայ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելու մեղադրանքով: Ըստ թրքական մամուլին՝ Նշանեանի ձերբակալութիւնն ու դատապարտումը Թուրքիոյ իշխանութիւնները կազմակերպած էին, որպէսզի կարենան լռութեան մատնել տարիներ շարունակ զիրենք քննադատած այս մտաւորականը: