Գերմանիոյ Ձախերու կուսակցութեան ծագումով թուրք փոխնախագահ, Պունտեսթակի երեսփոխան Սեւիմ Տաղտելենի կարծիքով` պէտք է անմիջապէս դադրեցնել եւրոպական զէնքերու դէպի Թուրքիա արտածումը: Այս մասին ան յայտնած է «Արմէնփրես»-ին` անդրադառնալով Աֆրինի մէջ թրքական բանակի գործողութեան:
«Մինչ Թուրքիան, հակառակ միջազգային իրաւունքի, իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ կը շարունակէ Սուրիոյ Աֆրինի շրջանին մէջ յարձակումները, Եւրոպական միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները կը շարունակուին: Աֆրինի մէջ թրքական ներխուժման իբրեւ հետեւանք 170 հազար մարդ դուրս բերուած է: Եւրոպական համաձայնագիրները կը բացառեն անդամակցութեան շուրջ բանակցութիւնները բռնապետութիւններու կամ մենատիրական պետութիւններու հետ, որոնք իսլամական ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուած կը ներխուժեն այլ երկիրներ, կը սպաննեն եւ կը թալանեն», նշած է Տաղտելեն:
Ան ընդգծած է, թէ նոյնիսկ Գերմանիոյ կառավարութիւնը Թուրքիան անուանած է իսլամական ահաբեկչութեան հարթակ: «Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Էրտողան չի կրնար գաղթականներու վերաբերեալ քաղաքականութեան հարցին մէջ ըլլալ գործընկեր: Աւելի՛ն, անիկա կ՛ընդգծէ ո՛չ միայն անդամակցութեան բանակցութիւններու եւ ելեւմտական աջակցութեան սառեցման, այլ նաեւ անմիջապէս եւրոպական զէնքերու դէպի Թուրքիա արտածումը դադրեցնելու անհրաժեշտութիւնը», ըսած է Պունտեսթակի անդամը: