Քնեսէթի նախկին պատգամաւոր. «Իսրայէլցիներուն մեծ մասը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կողմնակից է»

Իսրայէլի քաղաքացիներուն մեծ մասը կողմ է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Այդ մասին յայտարարած է «Հայաստան-Իսրայէլ» հասարակական համաժողովի համանախագահ Ալեքսանդր Զինքըր մամուլի ասուլիսի ժամանակ:

«Երբ Իսրայէլ լաւ յարաբերութիւններ ունէր Թուրքիոյ հետ, խորհրդարանականները կ՛ըսէին, թէ ինչու կ՛ուզէք փչացնել ատոնք` առաջ քաշելով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Երբ Անգարայի հետ յարաբերութիւնները վատթարացան, ինծի ըսին, որ դեռ ժամանակը չէ, քանի որ հիմա կը վերականգնեն վատթարացած յարաբերութիւնները»,-ըսած է Զինքըր, կը յայտնէ “Փանարմինիըն»-ը՝ վկայակոչելով Sputnik-արմենիան:

Ան խոստովանած է, որ «կը ջղայնանայ», երբ պատմական ճշմարտութիւնը կը փորձեն խառնել քաղաքականութեան: Ցինքըր յայտնած է, որ Քնեսթէի մշակոյթի յանձնաժողովը արդէն հաստատած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու նախագիծը: Այնուհետեւ հարցը պիտի քննարկուի Քնեսթէի ընդլայնուած նիստի ընթացքին: