Ֆրանսական քաղաքի պատուիրակութիւնը կը հանդիպի Արցախի ղեկավարներուն հետ

Ֆրանսայի Պուք-Պել-Էր քաղաքի քաղաքապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը այցելեց Արցախ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հանրապետութեան ղեկավար պաշտօնեաներուն հետ:

Երկուշաբթի՝ 5 Մարտ 2018-ին, քաղաքապետ Ռիշար Մայէի գլխաւորած  պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններուն առնչուող զանազան հարցեր:

Նախագահը գոհունակութեամբ նշեց, որ Ֆրանսայի վարչական շրջաններու եւ միաւորներու հետ փոխգործակցութիւնը կը գտնուի բարձր մակարդակի վրայ:

Պատուիրակութիւնը նոյն օրը հանդիպեցաւ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մայիս Մայիլեանի հետ: