Ֆրանսահայերէն շատերը կ՛ուզեն վերադառնալ, բնակիլ ու աշխատել հայրենիքի մէջ: Այդ մասին յայտարարած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Ժոնաթան Լաքոտ Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի հետ հանդիպման ժամանակ:
Ողջունելով դեսպանին` նախարարը համոզում յայտնեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւները յառաջիկային աւելի պիտի զարգանան ու ընդլայնուին: Մխիթար Հայրապետեան կարեւոր համարեց երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական, մշակութային կապերու աշխուժացումը, նշեց, որ սփիւռքի հետ կ՛աշխատին նաեւ կրթութեան, մշակոյթի, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, արտաքին գործոց եւ այլ նախարարութիւններ:
Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Երկրին մէջ դրական մթնոլորտ ստեղծուած է, ժողովուրդը կը սպասէ փոփոխութիւններու: Մարդիկ հաւատացած են, վստահած են մեզի, պէտք է արդարացնենք այդ վստահութիւնը: Սփիւռքը շատ բազմազան է, բազմաշերտ, պէտք է աշխատիլ բոլոր կառոյցներու ու կազմակերպութիւններու հետ: Պէտք է աշխոյժ գործակցիլ յատկապէս երիտասարդներու հետ, յստակ քայլեր ընել»:
Ֆրանսայի դեսպանը նշած է, որ ուրախ են ընդլայնելով համագործակցութեան շրջանակները նոր Հայաստանի մէջ: «Կ՛ողջունենք արեւոտ, ժպտացող յեղափոխութիւնը, որու շնորհիւ աշխարհը աւելի լաւ ճանչցաւ հայերը: Այսօր ոգեւորուած է նաեւ հայկական սփիւռքը, յատկապէս, երիտասարդ սերունդը: Անոնք աւելի զարգացած են, առաջադէմ, լաւատես եւ ճկուն, կը տիրապետեն նորագոյն արհեստագիտութիւններուն, շատեր ալ կ՛ուզեն վերադառնալ, բնակիլ ու աշխատիլ հայրենիքի մէջ», – աւելցուցած է դեսպանը։
Քննարկուած են նաեւ կրթութեան, նորագոյն արհեստագիտութիւններու, տնտեսութեան բնագաւառներու մէջ համագործակցութեան, Երեւանի մէջ Ֆրանսախօս երկիրներու 2018-ի գագաթնաժողովի կազմակերպման հետ կապուած հարցեր: