Լուիս Մորենօ Օքամփօ. «Պէտք է պայքարինք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, ապա շարունակենք պայքարը խորհրդաժողովէն ետք, որովհետեւ միայն Լ. Ղարաբաղն ու Ռուբէնը չեն, որոնք վտանգուած են. Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքը եւս վտանգի տակ է»

Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ՝ Լուիս Մորենօ Օքամփօ «Եու.Ու.Սի.Դիլիջան» դպրոցի 10-ամեակի ձեռնարկին մասնակցելու ընթացքին պատասխանելով «Նիուզ»-ի հետ հարցումներուն յայտնած է. «Ռուբէն Վարդանեանն ու Արցախի միւս ղեկավարները կը գտնուին Պաքուի բանտին մէջ, որովհետեւ ցեղասպանութեան զոհ են: Ատիկա ուղերձ է Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ ժողովուրդին. «Եթէ վերադառնաք, մենք պիտի յարձակինք ձեր վրայ»: Եւ ասիկա վշտալի է, որովհետեւ ճիշդ այսպէս սկսաւ 1915 թուականի ցեղասպանութիւնը: Այն ժամանակ թուրքերը ձերբակալեցին հայկական վերնախաւը, հիմա ալ նոյն բանը կը կատարուի: Զանոնք բանտի մէջ կը պահեն իբրեւ պատանդ, եւ ասիկա ուղերձ է միւս հայերուն. «Մի՛ վերադառնաք, մեզի հետ չչափուիք»:

Պատասխանելով «Ի՞նչ անհրաժեշտ է ընել Ռուբէն Վարդանեանն ու Պաքուի մէջ ապօրինի կալանքի տակ գտնուող միւս հայ բանտարկեալները ազատելու համար միջազգային օրէնքի ծիրին մէջ, այս խնդիրի լուծման հեռանկարներ կը տեսնէ՞ք, թէ՞ լուծումը հիմնականին մէջ քաղաքական հարթութեան վրայ է» հարցումին, Օքամփօ ըսած է. «Ո՛չ, խնդիրը այն է, որ այս մարդոց կալանքի տակ պահելու պատճառ չկայ, եւ Ատրպէյճանի մէջ չկան դատաւորներ, որոնք կրնային զանոնք ազատ արձակել: Ասիկա միայն իմ կարծիքս չէ: 2023 թուականին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը ուսումնասիրեց Պաքուի, Ատրպէյճանի դատական համակարգը եւ պարզեց, որ բանտերուն մէջ խոշտանգումներ կիրարկուած են եւ սպանութիւններ կատարուած, եւ այնտեղ անկախ դատական համակարգ գոյութիւն չունի: Այսինքն` չկայ դատական համակարգ, որ կրնայ հետաքննել յանցագործութիւնները: Մեզի պէտք է, որ պարոն Ալիեւը զանոնք ազատ արձակէ, եւ ՔՈՓ29-ը ատոր հասնելու կարելիութիւն է: Ասիկա պէտք է ընեն Հայաստանն ու միւս բոլորը: Հայաստանի եւ Ռուբէնի համար պայքարը պայքար է քաղաքակրթութեան համար. ասիկա պայքար է նման գաղափարները պաշտպանելու համար: Ասիկա այն է, ինչ որ կ’ընենք եւ պէտք է շարունակենք ընել»:

«Եու.Ու.Դիլիջան»-ի մէջ ուսանած են հարիւրաւոր ուսանողներ ամբողջ աշխարհէն` օտարերկրացիներ, որոնք, ի վերջոյ, կը կազմեն Հայաստանի պատմութեան եւ անոր արդի խնդիրներուն քաջատեղեակ մարդոց ցանց: Ի՞նչ կարծիքի էք այս մասին: Ինչպէ՞ս կրնայ այս ցանցը օգնել Հայաստանին յաղթահարել ընթացիկ եւ ապագայ մարտահրաւէրները» հարցումին Օքամփօ պատասխանած է. «Չեմ կարծեր, որ միայն դպրոցը պէտք է համակարգէ այս խնդիրի լուծումը: Կը կարծեմ` մեզի կարելիութիւն պէտք է տրուի միասին բան մը ընելու: Այդ իսկ պատճառով այս տարի ես մասնակցեցայ համաշխարհային արշաւի` հետեւողականօրէն օգտագործելով նոյն հեշթեկները: Այդ հեշթեկներն են` #StopGreenwashingGenocide եւ #FreeArmenianHostages: Տարբեր հայեացքներ ունեցող մարդիկ կ’օգտագործէին նոյն հեշթեկները: Այս ձեւով մենք փորձեցինք հասնիլ հաւաքական գործողութիւններու ամբողջ աշխարհի մարդոց մասնակցութեամբ` յարգելով մշակութային բազմազանութիւնը: Արշաւին մասնակցած են 30 երկիրներու ներկայացուցիչներ:

«Մենք պէտք է պայքարինք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, ապա շարունակենք պայքարը խորհրդաժողովէն ետք, որովհետեւ միայն Լեռնային Ղարաբաղն ու Ռուբէնը չեն, որոնք վտանգուած են: Հայաստանը ինք վտանգի տակ է: Ես եղած եմ երկրի հարաւը եւ տեսած, թէ ինչպէ՛ս Ատրպէյճանը կ’ամրանայ լեռնային շրջաններուն մէջ, ուստի կ’ըսեմ` «Հայաստանը վտանգուած է»: Ատիկա ՔՈՓ29-էն ետք պիտի չաւարտի»: