Վերջերս Հայաստան այցելող, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար՝ Սթեֆան Սեժուռնէ Երեւանի մէջ տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, թէ Փարիզ յոյս ունի, որ նախքան Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ-29-ը Պաքու պիտի ապացուցէ խաղաղութեան հասնելու իր փափաքը:
«Հայաստան խաղաղութիւն կ’ուզէ, Ֆրանսա խաղաղութիւն կ’ուզէ, միջազգային հանրութիւնը խաղաղութիւն կ’ուզէ, եւ քանի որ Ատրպէյճան շուտով պիտի հիւրընկալէ ՔՈՓ-29-ը, ուստի անոր պատասխանատուութիւնը ցոյց տալն է, որ անկեղծօրէն կը փափաքի հասնիլ այդ խաղաղութեան` նախքան ՔՈՓ29-ը: Կը կարծեմ, թէ պէտք է կարենանք յառաջ ընթանալ այս նիւթին շուրջ շատ արագ», ըսած է Սեժուռնէ:
Ան նաեւ առանձին հանդիպումներ ունեցաւ նախ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ, ապա Հ.Հ. վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Սեժուռնէ յայտարարեց նաեւ, որ Փարիզ կ’աջակցի Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ կարելի եղածին չափ արագ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան, որ պիտի հաստատէ արդար եւ կայուն խաղաղութիւն: Նոյն սկզբունքները, ըստ Սեժուռնէի, պէտք է նաեւ հիմք հանդիսանան սահմանագծման գործընթացին:
«Պայմանագիր մը, որ պիտի յարգէ գերիշխանութիւնը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը: Ասիկա Ալմա Աթայի մէջ 1991-ին ստորագրուած փաստաթուղթին ամբողջ իմաստն է, եւ Փրակայի մէջ 2022-ին քաղաքական հանրութեան այս նոյն գաղափարը ներկայացուած է», աւելցուցած է Սեժուռնէ: