Սպանիոյ Մալակա քաղաքը ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Սպանիոյ Մալակա քաղաքի խորհուրդը միաձայն ընդունած է յայտարարութիւն մը, որով պաշտօնապէս կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Ընդունուած յայտարարութեան մէջ նախորդ դարասկիզբին տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ յանցագործութիւն մարդկութեան դէմ, որուն հետեւանքով ձեւաւորուեցաւ հայկական մեծ սփիւռքը:

Մալակայի քաղաքային խորհուրդը նաեւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ աշխարհասփիւռ հայութեան, միաժամանակ նշելով, որ մօտակայ ժամանակահատուածին քաղաքապետարանը Մալակայի կեդրոնական զբօսայգիին մէջ պիտի տեղադրէ հայկական խաչքար` նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերի յիշատակին: