Եւրոխորհրդարանի «Եւրոպական ազատ դաշինք» կուսակցութիւնը ՄԱԿ երկիրներուն կոչ կ՛ընէ ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը:
Յայտարարութիւնը ընդունուած է Ապրիլ 16-18-ը Գերմանիոյ Լուժիցա համայնքի Բաութցեն քաղաքին մէջ կայացած ամէնամեայ վեհաժողովի ժամանակ: Գլխաւոր ասամպլէան ընդունած է Լուժիցայի դաշինքը, Լուժիցայի սերբերու շահերը ներկայացնող EFA կուսակցութեան անդամը: Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Լուժիցայի սերբերը կը ցանկանան պահպանել իրենց մշակոյթն ու լեզուն: Յայտարարութիւնը կ՛ընէ.
«Եւրոպայէն դուրս EFA-ն կը նկատէ անկայունութեան աճ, յատկապէս Միջին Արեւելքի մէջ: Մեկնելով Առաջին համաշխարհային պատերազմի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ յիշողութեան դասերէն, EFA-ն կոչ կ՛ընէ կառավարութիւններուն եւ կազմակերպութեան ամէն հնարաւոր միջոցով կանխել բռնութիւնը քաղաքական եւ ընկերային խնդիրները լուծելու համար: Պատերազմն ու էթնիկ զտումները այլեւս երբեք պէտք չէ կրկնուին: Ուստի EFA-ն յատուկ ուշադրութիւն կը հրաւիրէ համահայկական հռչակագրի վրայ»:
«EFA-ն կոչ կ՛ընէ ՄԱԿ երկիրներուն, ժողովրդավարութեան, ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան սկզբունքներուն համապատասխան, ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը` որպէս անկախ պետութիւն: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը EFA-ի համար առանցքային կարեւորութիւն ունի: Մենք չենք ցանկանար միայն պաշտպանել պետութեան մէջ ինքնորոշման իրաւունքը, այլ նաեւ աջակցիլ այդ ինքնորոշման արդիւնքով յառաջացած նոր պետութիւններուն:
«EFA-ն ջանքեր կը գործադրէ այդ «չճանչցուած, սակայն տէ ֆաքթօ անկախ պետութիւններուն» օգնելու համար եւ յոյս ունի աւելի լաւ հասկնալու, թէ ինչպէս կը գործէ «Տէ ֆաքթօ» անկախ պետութեան իշխող կուսակցութիւնը»:
Վեհաժողովին մասնակցած է ԼՂՀ ներկայացուցիչ, Ղարաբաղի խորհրդարանի ղեկավար Աշոտ Ղուլեանը: Լիագումար նիստի ընթացքին ան ներկայացուցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան գործունէութիւնը եւ անոր յառաջիկայ ծրագիրները: Յաջորդած քուէարկութեան ընթացքին Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ընկերակցութեան անդամի իրաւունքներով միաձայն ընդունուած է EFA-ի կազմին մէջ:
Բանաձեւը կը շարունակէ .
«EFA-ն Գլխաւոր ասամպլէայի ընթացքին քննարկած է Եւրոմիութեան մէջ ազգերու եւ մշակոյթներու ինքնորոշման գործընթացը այն ժամանակ, երբ Եւրօ յանձնաժողովը ետ կը մնայ լեզուական բազմազանութեան եւ ազգային փոքրամասնութիւններու նկատմամբ յարգանքի ու ազգերու ժողովրդավարական կամքի հարցով: Ի տարբերութիւն իր նախորդներուն, որոնք սովորաբար կը համաձայնէին հանդիպելու մեր կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Եւրօ յանձնաժողովի ներկայիս նախագահ Իւնկերը ընդունելութեան համար ժամանակ չի գտներ: Ամբողջ Եւրոպայի մէջ մենք կը տեսնենք ու կը զգանք կեդրոնաձիգ միտումներու նախադէպը: Եւրոպան ետ կը գլորուի, եւ ատիկա կը սպառնայ անոր ապագային: EFA-ն կը ցանկանայ վերածնիլ եւրոպական ուժաբանութիւնը եւ տրամաբանութիւնը` յարգելով մարդոց իրաւունքներն ու բազմազանութիւնը, որոնք Եւրոմիութեան նախագիծի անկիւնաքարերն են»:
2015-ին Քաթալոնիոյ համար պատմական պիտի ըլլայ. այնտեղ ընտրութիւններ պիտի կայանան, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան ազգին քուէարկելու իրենց անկախութեան եւ ԵՄ կազմին մէջ ընդգրկուելու համար: Եւրոմիութեան ստեղծման պահէն Եւրոպան առաջին անգամ պէտք է ընդունի նոր պետութիւններ: Անհրաժեշտ է դէմ առ դէմ դուրս գալ այդ խնդրին:Քաթալոնցիներու բաղձալի ցանկութեան հանդէպ պէտք է յարգանք ցուցաբերուի:
Եւրոպայի մէջ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանք պէտք է դրսեւորուէ նաեւ Ֆրանսայի մէջ: Փարիզը կ՛արգելափակէ բարեփոխումները, որոնց օգտին ձայներու մեծամասնութեամբ կը քուէարկէ Քորսիքայի խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ չեղեալ կը համարէ Օքսիթանիոյ, Սավոյի, Պասքերի երկրի եւ Քաթալոնիոյ, Էլզասի տարածաշրջաններու լիազօրութիւնները եւ կը հրաժարուի վերամիաւորել Պրեթանի 5 պատմական շրջանները: