Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան ակնարկելով, Ռուսիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին եղած վերջին յայտարարութիւններուն ըսած է. «Առաջին անգամը չէ, որ Ռուսիա այդ խնդրին Ցեղասպանութիւն անուանումը կու տայ:
Էրտողան նաեւ ըսած է, թէ ինք անձնապէս տխուր է, որ Ռուսիոյ նախագահը Հայոց Ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործած է, ապա նշած է, որ Ռուսական կողմը նախքան Հայերու Օսմանցիներուն կողմէ սպանութեան մասին խօսիլը պէտք է բացատրութիւններ տայ Խրիմի հարցով եւ Ուքրանիոյ մէջ կատարուած դէպքերուն առընթեր: