ԱՀԱՒՈՐ ՍՊԱՆԴ ՓԱՐԻԶԻ ԵՒ ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԷՋ

Մարդկութեան դէմ կատարուած այս ոճիրները ծայրահղութեան դէմ խիստ պատճամիջոցները անհրաժեշտ կը դարձնեն

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան ամբողջ աշխարհ ցնցուեցաւ երբ Փարիզի եօթ տարբեր շրջաններու մէջ գրեթէ նոյնժամանակ անձնասպան 8 ծայրահեղական իսլամական ահաբեկիչներ պայթուցիկներով եւ հրազէններով յարձակում գործեցին անմեղ ու խաղաղ բնակչութեան դէմ, պատճառելով մօտ 130 մահեր եւ աւելի քան 300 վիրաւորեալներ:  Այս ոճիրները գործադրուեցան ֆութպոլի դաշտի մը մուտքին, սինեմայի մը մէջ, գինետան մը եւ նման մարդաշատ վայրերու մէջ: Նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ անմիջապէս յայտարարեց արտակարգ դրութիւն երկրի տարածքին եւ ապահովութեան լայնածիր միջոցառումներու կիրարկումը. բոլոր սահմանները փակուեցան: Մօտ 5000 ոստիկաններ արդէն կատարած են քանի մը տասնեակ ձերբակալութիւններ եւ կեդրոնացած են գտնելու գլխաւոր ահաբեկիչը նկատուած 26-ամեայ Սալահ Ապիսլամը: «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պատասխանատուութիւնը վերձուցած է այս ահաւոր ոճիրին: Աշխարհի բազմաթիւ պետութիւններ, ներռեալ Թուրքիա եւ Հայաստան խստիւ դատապարտած են այս մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւնը: Լիօնի մէջ ալ ոստիկանութիւնը յայտնաբերած է արդիական զէնքերու եւ պայթուցիկներու խոշոր պահեստ մը:

Փարիզ
Փարիզ
Պէյրութ
Պէյրութ

Փարիզի սպանդի նախորդ օրը Պէյրութի Պուրճ էլ Պարաժնէ շրջանին մէջ երեք անձնասպան ահաբեկիչներ ռմբահարութիւններով սպաննած են 43 հոգի եւ վիրաւորեալ թողած են մօտ 240 հոգի:

Հետզհետէ բազմացող եւ առաւել վայրագութեամբ կատարուած այս ահաբեկչական ոճիրները աշխարհի պետութիւններու մօտ արթնցուցած են համաշխարհային մակարդակով անոնց դէմ պայքարի եւ պատժամիջոցներու անհրաժեշտութիւնը:

Նկար  Աջէն՝ Երեւանի քաղաքապետ Տարոօն Մարգարեան, նախագահ Սերճ Սարգսեան, Ֆրանսայի դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ, Արտաքին նախարար Եդուարդ Նալպանդեան եւ խուռներամ ժողովուրդ կը սգան Փարիզի անմեղ զոհերը: