Ամալ Քլունին պատրաստ է պաշտպանելու ատրպէյճանցի լրագրողին շահերը

Փաստաբան Ամալ Ալամուտին Քլունի առաջարկած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ պաշտպանել Ատրպէյճանի մէջ ազատազրկուած լրագրող Խատիճա Իսմայիլովայի շահերը:

2015-ի Սեպտեմբերին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի ատրպէյճանական ծառայութեան թղթակից Խատիճա Իսմայիլովան, որ կը զբաղուէր Ատրպէյճանի մէջ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ անոր ընտանիքի անմիջական մասնակցութեամբ կաշառակերութեան փաստերու վերաբերեալ լրագրողական հետաքննութեամբ,  դատապարտուած էր եօթ եւ կէս տարուան ազատազրկման` գործընկերը ինքնասպանութեան դրդելու կեղծ մեղադրանքով:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը, այժմ Խատիճա Իսմայիլովան եւ անոր փաստաբանները կ’ուսումնասիրեն Ամալ Քլունիի առաջարկը:

Ամալ Քլունին 2015 թուականին ՄԻԵԴ-ի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերեալ քննուող «Փերինչէքն ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով կը ներկայացնէր ՀՀ կառավարութեան շահերը: