ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԷՆ ԿԱԶԻ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ԼՈՒԾԵՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՐՑԵՐԸ

Այս օրերուն, որպէս ռուսական կազի այլընտրանք, եւրոպական կառոյցներ բանակցութիւններ կը վարեն Ատրպէյճանի հետ եւ կը փորձեն համաձայնագրեր ստորագրել ռուսական կազի բացը գոնէ մասամբ հակակշռի տակ առնելու ուղղութեամբ:

Եւրոպական ընտանիքը Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներու ծիրէն ներս սահմանափակած է նաեւ կազի մատակարարումները, հետեւաբար կազի մատակարարում կ’ակնկալուի Նորվեկիայէն կամ Ատրպէյճանէն: Միայն թէ ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ֆաթիհ Պիրօլ յայտնեց որ Նորվեկիա եւ Ատրպէյճան բաւարար չեն, եւրոպական երկիրներու մէջ ուժանիւթի հարցերը լուծելու համար: Ան նշեց որ Եւրոմիութիւնը այս ձմեռ լուրջ դժուարութիւններու հետ դէմ յանդիման պիտի մնայ, եթէ առնուազն 15 տոկոսով չկրճատէ կազի սպառումը:

«Եթէ նոյնիսկ ռուսական կազի առաւելագոյն տարողութեան մէկ մասը «հիւսիսային հոսք»ի ճամբով հասնի Եւրոպա, այնուամենայնիւ եւրոպական երկիրներ ստիպուած են նուազեցնել սպառումը», ընդգծեց ան:

Միւս կողմէ, Եւրոխորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Տէյվիտ Մըք Ալիսթըր, պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Եւրոխորհուրդը Պաքուի հետ ուժանիւթային համաձայնագիր մը կնքեց, ըսաւ. «Մենք ստիպուած ենք արագօրէն նուազեցնել Ռուսաստանէն կազի ներածումները, որովհետեւ կ’ուզենք նուազ կախեալ ըլլալ ռուսական կազէն, աւելի քիչ վճարել, որովհետեւ եթէ զայն Ռուսաստանէն գնենք, անուղղակիօրէն կը նպաստենք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի պատերազմին»: