Շուէտի մէջ, Փետրուար 20-ին, ՀՀ դեսպանութեան առջեւ տեղի ատրպէյճանցիները կազմակերպած էին ցոյց, նպատակ ունենալով ոչ աշխատանքային օրուայ ընթացքին նկարուիլ ՀՀ դիւանագիտական ներկայացուցչութեան առջեւ` յետոյ սեփական մամուլի մէջ մարդաշատ ցոյցի մասին ապատեղեկատուութիւն տարածելու համար:
Ըստ News.a,-ի՝ Շուէտի հայ համայնքի երիտասարդները, նախապէս տեղեկանալով ցոյցի կազմակերպման մասին, անակնկալ մատուցած են` ատրպէյճանցիները դիմաւորելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան դրօշներով: Արդիւնքով ատրպէյճանական սակաւամարդ ցոյցը շատ կարճ ժամանակի մէջ ցրուած է: