Արաբական աշխարհին համար բաւական առանցքային դիրք եւ դեր ունեցող Թուրքիոյ զարգացումները կ’արժանանան յատուկ ուշադրութեան:
Մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր արաբական երկու թեւերէն (բրօ Ռուսաստան եւ բրօ ՝ ԱՄՆ) իւրաքանչիւրը կը փորձէ «գրաւել» Անգարայի սիրտը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի Մոսկուա կատարած այցէն ետք սակայն, բոլորին յստակ կը դառնար, որ այս ամբողջ տեսարանին մէջ ամէնէն առաջնայինը կը մնայ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Արաբական աշխարհին համար բաւական առանցքային դիրք եւ դեր ունեցող Թուրքիոյ զարգացումները կ’արժանանան յատուկ ուշադրութեան:
Մանաւանդ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն ի վեր արաբական երկու թեւերէն (բրօ Ռուսաստան եւ բրօ՝ ԱՄՆ) իւրաքանչիւրը կը փորձէ «գրաւել» Անգարայի սիրտը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Թայէպ Էրտողանի Մոսկուա կատարած այցէն ետք սակայն, բոլորին յստակ կը դառնար, որ այս ամբողջ տեսարանին մէջ ամէնէն առաջնայինը կը մնայ Մոսկուայի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորումը:
Լիբանանեան «Ալ Սաֆիր» օրաթերթը այս պատուհանէն կը նայի անցեալ երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութեան: Թերթը կը գրէ, որ հակառակ եղածին ահաւորութեան երկու երկիրները Թուրքիա եւ Ռուսաստան չեն պատրաստուիլ խզել, իրենց յարաբերութիւնները:
Թերթը զուգահեռ մը գծելով Սուրիոյ վերեւ ռուսական կործանիչին վար առնուելու դէպքին եւ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Գարլովի սպանութեան դէպքին միջեւ կը գրէ, որ մինչ առաջին պարագային պաշտօնական Անգարայի արձագանքը ուշացաւ, անդին երկրորդ պարագային Թուրքիոյ նախագահը, ոչ միայն խստիւ կերպով դատապարտեց եղածը այլ նախաձեռնեց արագ կապ հաստատել Ռուսաստանի նախագահ՝ Վ. Փութինին հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնել եղած ծանր եւ աննախընթաց ահաբեկչութեան համար:
Ըստ «Սաֆիր»ի այս բոլորը ցուցանիշներ են, որ ոչ միայն Անգարա այլ նաեւ Մոսկուա հետամուտ է ամէն գնով պահպանել երկու երկիրներուն համար գերազանցօրէն ռազմավարական արժէք ներկայացնող յարաբերութիւնները:
Իր կարգին «Ալ Ախպար» օրաթերթը անդրադարձած է դեսպան Գարլովի ունեցած դերին Մոսկուա- Անգարա յարաբերութիւններու «ձիւնհալ»ին հետ կապուած: Թերթը նաեւ կը փոխանցէ, որ Գարլով կարեւոր ճիգեր իրականացուցած է յաջողեցնելու համար Թուրքիոյ նախագահին այցը ՝ Մոսկուա: Յիշեցնելով նաեւ, որ այդ բոլոր գործընթացներէն ետք Մոսկուա տարբեր առիթներով զգուշացուցած է Գարլով ահաբեկչութեան թիրախ ըլլալու վտանգներէն:
«Ալ Ախպար», վերլուծելով ահաբեկչութիւնը յաջորդող հանգրուանը նշած է, որ «տաք վէրք» ի իրավիճակը մէկդի դնելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար կը մասնակցէր Մոսկուայի մէջ կայացած «եռաչափ հանդիպումներու»ն, որոնց հիմնական օրակարգը Սուրիոյ տագնապն էր: Այս բոլորէն բացի յստակ էր նաեւ, որ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպումը կարեւոր քայլ մըն Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման վերաբերեալ յստակ եւ ժամկէտներով «յագեցուած» «ճանապարհային քարտէզ» մը մշակելու առընթեր ու ատոր համար էր նաեւ, որ մինչ Ռուսաստանի նախագահին ամէնամեայ «ամփոփիչ ասուլիսը» կը յետաձգուէր 23 դեկտեմբերին:
Այս բոլորը ցուցանիշներ են, որ եւ Մոսկուա եւ Անգարա ամէն գնով վճռած են դրական տեղաշարժ մը կատարել Սուրիոյ տագնապին առընթեր եւ Մոսկուայի փակ սենեակներուն մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւնները երեւելի պիտի դառնան յառաջիկայ հանգրուանին:
Իր կարգին Լոնտոն հրապարակուող «Ալ Հայաթ» օրաթերթը, որ կը համարուի Սէուտական Արաբիոյ անպաշտօն բայց կարեւորագոյն բանբերներէն մին եղած ահաբեկչութեան վերաբերեալ դիտարկումներ ընելով հարց կու տայ, թէ ի՞նչու ապահովական մարմինները չկարողացան ձերբակալել մարդասպան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշը: Չորեքշաբթի օր լոյս տեսած իր առաջնորդող յօդուածին մէջ «Ալ Հայաթ» յղում կատարելով ամերիկեան AP-ին գրած է, որ հնարաւոր չէ, որ նման ահաբեկչութիւն մը մէկ անձի կողմէ կազմակերպուած արարք ըլլայ եւ թէ անոր ետին կան բաւական մութ ծալքեր:
Իր կարգին «Շարըք Ալ Աուսաթ» (Լոնտոն հրապարակուող) գլխաւոր սիւնակագիր Ապտըլ Րահման Ալ Ռաշէտ չորեքշաբթի օր հրապարակուած իր « Դեսպանը ոճիրի եւ ահաբեկչութեան բրոբականտայի միջեւ» խորագրեալ յօդուածին մէջ բաւական «արմատական» համարուած մօտեցումով մը գրած է, թէ Գարլովի սպանութիւնը օգուտ էր Իրանին եւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն: Ալ Րաշէտ առանց բացատրելու իր տեսակէտը նաեւ նկատել կու տար, որ աշխարհը այսօր դարձած է անապահով վայր մը եւ նման ահաբեկչական արարքներ սպասելի են ամենուրէք: Սիւննի յօդուածագրին կարծիքով ստեղծուած իրավիճակին մէջ «արմատական» դեր եւ պատասխանատուութիւն կը կրէ Մոսկուան կապուած ՝ Սուրիոյ մէջ իր որդեգրած կեցուածքներուն եւ Սուրիոյ նախագահին ի նպաստ ունեցած դիրքորոշումներուն եւ գործնական քայլերուն առընթեր:
Ռաշէտ, որ տակաւին մեծ յոյսեր կը փայփայէ ռուս-արաբական աշխարհ մերձեցման հետ կապուած անտեսելով այսօրուան նոր իրավիճակը պատմական արագ հայեացք մը նետելով կը յիշեցնէ Գրէմլինի վաղ 70–ականներուն ունեցած դերը եւ ցոյց տուած նեցուկը արաբական աշխարհի «ազատականութեան» գաղափարները ներկայացնող ուժերուն եւ տէրութիւններուն:
Ռաշէտ այս մօտեցումին մէջ խորքային հայեացք մը նետելով այդ օրերու Մոսկուան կը համարէ պաղեստինեան եւ արաբական դատին գլխաւոր ջահակիրն ու նեցուկը:
Ռաշէտի կարծիքով Մոսկուա այսօր տարբեր մօտեցումներ ունի արաբներուն հանդէպ եւ միլիոնաւոր սիւննիներու կարծիքը կարեւոր չէ մասնաւորաբար այն առումով, որ անոնք, իրենց պետութիւններուն վրայ ազդեցութիւն բանեցնելու մեքանիզմներ չունին:
Նուազ մոխրագոյն կեցուածքներով չի գար նոյն թերթի («Շարըք Ալ Աուսաթ») արաբ- ռուսական հարցերու գլխաւոր մեկնաբաններէն Մուսթաֆա Ֆահս:
Ֆահս Մոսկուայի Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի մէջ ունեցած դերակատարութիւնը լոյսին բերելով կը յայտնէ, որ սիւննի աշխարհին համար Ռուսաստանի կեցուածքները անմարսելի են մանաւանդ, որ վերջին ամիսներուն Սուրիոյ բանակը միշտ ապաւինելով Ռուսական ներկայութեան յաջողեցաւ նոր իրավիճակ ստեղծել եւ չորս տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով տիրապետել ամբողջ Հալէպին:
Ֆահս, որ բաւական շեշտակի «պատգամներ»ու ոճով կը գրէ կ’ըսէ, թէ Մոսկուայի համար շատ սպասելի է, որ Ռուսիոյ կամ անոր մերձ տարածքներուն մէջ ռուս քաղաքացիներ թիրախ դառնայ՝ իսլամ խմբաւորումներու հարուածներուն:
Սակայն, իր կարծիքով եղածը անսպասելի էր Անգարայի մէջ եւ այս «ոճը» կրնայ աւելի ծանր շարունակութիւններ ունենալ:
Ֆահս, որուն բառերու ետին կայ Հալէպի մէջ պարտութիւն կրած սիւննիին ձայնը, կը հաւատայ, որ այդ դէպքերը չեն մոռցուիր ու Ռուսաստանի կողմէ որդեգրուած կեցուածքները կրնան նոր արհաւիրքներու դուռ բանալ:
Եզրակացութիւն մը
Դեսպան Գարլովի սպանութիւնէն ետք արաբական մամուլի առաջատար ներկայացուցիչներու ըրած հրապարակումները նայելէ ետք յստակ կը դառնայ, որ արաբական աշխարհը այսօր բաւական բարդ բաժանումներու մէջ է:
Սկսած Հալէպի մէջ ստեղծուած եւ հասնելով մինչեւ ռուս- թրքական յարաբերութիւններու լիարժէք գնահատական արաբները կողմերը բաժնուած են եւ ունին հակասական կարծիքներ:
Մինչ բրօ իրանեան կողմը զգուշաւոր եւ զգօն կերպով կը հետեւի Անգարա-Մոսկուա մերձեցման գործընթացին կամ այդ առումով եղած ցնցումներուն, անդին սիւննի աշխարհին համար կարեւոր է, որ Մոսկուայի հիմնական «քանալ»ը Անգարան չըլլայ այլ ըլլայ՝ Րիատը:
Այս տատանումներուն մէջ յստակ է նաեւ, որ դեսպան Գարլովի սպանութեան դէպքին առընթեր ալ արաբական աշխարհը ունի բաւական «սառն» եւ սպասողական գնահատակններ:
Անկախ անկէ, որ բոլոր կողմերը եղածը «ցնցիչ ահաբեկչութիւն» կը համարեն, յստակ է նաեւ, որ արաբներուն համար կարեւորը, ոչ թէ եղած դէպքն է այլ անոր հաւանական հետեւանքները:
Հոս նաեւ պարտուողներ կամ յաղթողներ պիտի չըլլան ու ամէնէն հիմնականը այն է, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւններու ամբողջ ընդածիրը իր մէջ կը պարունակէ շրջանին մէջ նոր հաւանական լուծումներ «պարտադրելու» ուժականութիւնը:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/ Պոլիս