Բրիտանական վերլուծական հիմնարկի 2019 թուականի Legatum Prosperity Index-ի բարգաւաճման ցուցակին մէջ Հայաստանը շրջանցած է յետխորհրդային բոլոր պետութիւնները՝ բացի պալթեան երկիրներէն եւ Վրաստանէն։ Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Հայաստանը զբաղեցուցած է 61-րդ տեղը՝ նախորդ տարուան համեմատ բարելաւելով իր դիրքը 27 կէտով: Տարածաշրջանի երկիրներէն Վրաստանը 53-րդն, Ռուսիան՝ 74, Թուրքիան՝ 91, Ատրպէյճանը՝ 92, Իրանը՝ 119: Վարկանիշի հեղինակները երկիրները կը համեմատեն ինը չափանիշներով՝ տնտեսական զարգացման մակարդակը, գործարարութեան միջավայրը, պետական կառավարման արդիւնաւէտութիւնը, կրթութեան մակարդակը, առողջապահութիւնը, անվտանգութիւնը եւ անձնական ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային ներուժի եւ շրջակայ միջավայրի զարգացման չափանիշները», ֆէյսպուքի մէջ յայտնած է Նիկոլ Փաշինեան: