Բրիտանիոյ մէջ կը պահանջեն հետաքննութիւն սկսիլ Ատրպէյճանի կողմէ դրամի լուացման գործին շուրջ

Միացեալ Թագաւորութեան ընդդիմութեան ներկայացուցիչները յորդորած են վարչապետ Թերեզա Մէյը՝ հետաքննութիւն սկսելու Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ դրամի լուացման գործին շուրջ եւ ատոր մէջ բրիտանական ընկերութիւններու ունեցած ներգրաւուածութեան վերաբերեալ: Այս մասին կը յայտնէ բրիտնական հեղինակաւոր The Guardian պարբերականը:

Ի պատասխան ընդդիմութեան ներկայացուցիչներու պահանջին` Մէյի խօսնակը յայտնած է, որ Յանցագործութիւններու ազգային գործակալութիւնը պիտի ուսումնասիրէ լրատուամիջոցներու կողմէ հրապարակուած տեղեկութիւնները: «Գրասենեակը պիտի ուսումնասիրէ` արդեօք կարիք կա՞յ հետաքննութիւն սկսելու»,- ըսած է խօսնակը:

«Ժամանակն է հրապարակայնօրէն լուալու աղտոտ սպիտակեղէնը եւ յստակ պարզելու, թէ ո՛վ վճարած է եւ ինչո՛ւ: Մենք ամբողջական հետաքննութեան կարիք ունինք` համոզուելու, որ աղտոտ դրամները չեն օգտագործուած Միացեալ Թագաւորութեան մէջ ազդեցութիւն գնելու նպատակով»,- ըսած է ազատական-ժողովրդավարներու նախկին առաջնորդ Թիմ Ֆարոն:

Բրիտանիոյ խորհրդարանի անդամ Մարգարիտ Հոտճ ընդգծած է, որ այնքան ատեն դեռ իրենք չեն գիտեր, թէ որոնք տնօրինած են իրենց երկրին մէջ անօրինական գործունէութիւն ծաւալած չորս ընկերութիւնները, նման անընդունելի փորձառութիւն մը կրնայ կրկնուիլ:

Աշխատաւորական կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Փիթըր Տոուտ նշած է, որ դրամի լուացումը մեծապէս կը վնասէ Միացեալ Թագաւորութեան տնտեսութեան եւ կ՛ապականէ հասարակութիւնը:

Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան անդամ Ճովտաթ Կուլիեւ, որ եղած է անօրինական գումարային փոխանցումներու շահառուներէն մէկը, այդ մասին բացայայտումէն վայրկեաններ անց՝ հրաժարական տուած է: Ան ստացած է շուրջ 400 հազար սթերլին գումար: British Petrolium-ի նախկին աշխատակիցը կ՛աշխատի Ատրպէյճանի պետական քարիւղային ընկերութեան համար:

Անգլօ-ատրպէյճանական հանրութեան համանախագահ, ազատական-ժողովրդավար Լորտ Գերման նշած է, որ Կուլիեւ հեռացած է The Guardian-ի մէջ հրատարակուած յօդուածէն 9 վայրկեան ետք: Ան ընդգծած է, որ Կուլիեւին կատարուած վճարումներէն ոչ մէկ գումար փոխանցուած է հանրութեան:

Գերմանին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ՝ Կուլիեւ չէ բացայայտած, թէ ուրկէ ստացած է գումարը, սակայն ըսած է, որ անիկա օրինական է եւ «անձնական օգտագործման համար»:

Ուշագրաւ է, որ պաշտօնական Պաքուն, Ալիեւներու ընտանիքի հերթական ապօրինի գործունէութեան բացայայտման արձագանգած է շատ բուռն` անմիջապէս մեղադրանքներ յղելով The Guardian-ին, հայկական սփիւռքի հասցէին: Առաջին պաշտօնական արձագանգին հեղինակը`  Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Ալի Հասանով, յայտարարած է, թէ Ալիեւներու վարչակարգը դարձած է «բրիտնական հետախուզութեան, հայկական սփիւռքի եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ կազմակերպուած աղմկայարոյց արշաւի մը զոհը»: «Ե՞րբ The Guardian-ը Ատրպէյճանի մասին ճշմարտութիւնը գրած է: Այս պարբերականը տասնեակ տարիներ յայտնի է հակաատրպէյճանական բնոյթով»,- նշած էր Հասանով` հրապարակուած զեկոյցը «կողմնակալ, անհիմն ու սադրիչ» անուանելով:

Աւելին, Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութենէն յայտարարած են, թէ բացայայտումներու ետին կանգնած են ամերիկացի յայտնի ներդրող եւ միլիառատէր Ճորճ Սորոսը եւ անոր հետ համագործակցող հայկական լոպպիստական ընկերութիւնները: «Այն փաստը, որ The Guardian-ի մէջ հրապարակուած յօդուածին հեղինակներէն մէկը հայ Թինա Նահապետեանն է, ցոյց կու տայ, թէ այդ մեղադրանքներուն ետին հայկական լոպպին է»,- կ՛ըսուի նախագահականի յայտարարութեան մէջ:

Ալիեւներու կողմէ դրամի լուացման մասին նոր բացայայտումէն անմիջապէս ետք՝ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները արգելափակած են երկրին մէջ «Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծ»-ին (Organized Crime and Corruption Reporting Project) կայքը: Նոյն այս նախագիծն էր, որ հրապարակած էր այսպէս կոչուած «ատրպէյճանական լուացքատուն» անունը ստացած գործին մանրամասնութիւնները:

«Ատրպէյճանական լուացքատուն»-ը գործած է երկու տարի` մինչեւ 2014: Կազմակերպուած յանցագործութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծի զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ թէեւ գումարին աղբիւրը յայտնի չէ եղած, սակայն, կան «բաւարար ապացոյցներ, նախագահ Իլհամ Ալիեւի ընտանիքին հետ կապ ունենալուն վերաբերեալ»:

Կը նշուի, որ գումարին մեծ մասը վճարուած է լոպպիստներու, լրագրողներու, քաղաքական գործիչներու ու գործարարներու: Վճարման ծրագիրը, յատկապէս յաջող անցած է Եւրոխորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, 2013-ին, Ատրպէյճանի համար խիստ կարեւոր զեկոյցի մը քուէարկութեան ժամանակ: Այդ քուէարկութիւնը, որ կապուած է Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հետ, այժմ հետաքննութեան տակ է, ատոր հետ կապուած զեկոյցը պատրաստ պիտի ըլլայ 2017-ի վերջը:

Ստուերային գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւնները, որոնց միջոցով գումարները վճարուած են, գործած են Միացեալ Թագաւորութեան մէջ` երկուքը Անգլիոյ, երկուքը` Սքոթլանտի: Ատոնք այժմ լուծարուած են: Եւրոպական յայտնի դրամատուներէն մէկը` դանիական Danske Bank-ը, այդ ընկերութիւններուն վճարումներ ըրած է Էսթոնիոյ իր մասնաճիւղին միջոցով: