Գանատայի Լաւալ քաղաքը կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը — _copy

Գանատայի Քեպէք նահանգի երրորդ մեծագոյն քաղաքը հանդիսացող Լաւալի մէջ  Նոյեմբեր 4-ին կայացած քաղաքապետական խորհուրդի նիստի ընթացքին, քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց յատուկ բանաձեւ, որ կը ճանչնայ Արցախի անկախութիւնը։ Բանաձեւի գլխադիր կէտով խորհուրդը կը ճանչնայ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը։

Բանաձեւին մէջ կը դատապարտուի Արցախի դէմ ուղղուած թուրք-ատրպէյճնական ռազմական յարձակումը եւ կոչ կ’ուղղուի Գանատայի դաշնակցային կառավարութեան եւ Քեպէք նահանգի կառավարութեան, որպէսզի սատարեն Արցախի հակամարտութեան գծով միջազգային մարդասիրական օրէնքներու գործադրման։